2012-01-15 12:09:25

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։ Գաղթականներու 89րդ Միջազգային Օրուայ Նշում։


Կիրակի 15 յունուար 2012։ Այսօր կը նշուի Գաղթականներու 89րդ միջազգային օրը։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այս օրուան առթիւ յղած է պատգամ մը որ ունի որպէս նիւթ <<գաղթականութիւն եւ նոր աւետարանցում>>։
15 յունուարի կէսօրին` ինչպէս ամէն կիրակի` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին կատարեց խորհրդածութիւն մը քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ուր կը խօսուի առաջին առաքեալներու կոչման մասին ու անոնց տրուած դաստիարակութեան կարեւոր դերին։
Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Գաղթականներու 89րդ միջազգային օրուայ ակնարկեց այս օրուայ առթիւ իր յղած պատգամին պարունակութեան ու ժամանակակից աշխարհի մէջ աւետարանը քարոզելու նպատակով` գաղթականներու կարեւոր դերին. հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները որոնց շարքին նաեւ խումբ մը Հռոմաբնակ հայեր` Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր գերյ. Գէւորգ Վրդ. Նորատունկեանի գլխաւորութեամբ` զոր հայկական երագոյնով իրենց կարգին ուզեցին մասնակից դառնալ Գաղթականներու 89րդ միջազգային օրուայ նշումին, ներկայացնելով այսպէս` Մեծ Եղեռնի հետեւանքով ի սփիւռս աշխարհ տարածուած գաղթական միլիոնաւոր հայերը։ Աշխարհի երկիրներու այլ դրօշներու շարքին Վատիկանեան հողի վրայ ծածանեց երագոյնը` նշելու նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20րդ ամեակը, որ սկիզբ առած էին 23 մայիս 1992-ին։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ 18-25 յունուար Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ մասին հրաւիրելով հաւատացեալները անհատական եւ հասարակական գետնի վրայ` հոգեպէս միանալու այս աղօթքներուն Աստուծմէ յայցելով` Քրիստոսի աշակերտներու իսկական միութիւնը։ Ապայ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.