2012-01-15 09:00:20

ԵԱՀԿ-Ի Գործող Նախագահի Յայտարարութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Մասին։


Իրլանտա 1 Յունուարին ստանձնեց ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմոր այս շաբաթ աւելի կանուխ ներկայացուց կազմակերպութեան մէջ Իրլանտայի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները:
ԵԱՀԿ-ի գործող Նախագահը ընդգծեց, որ օրեր առաջ ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ տագնապներու հարցով երկու յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած է, մէկը` մերձաւոր արեւելքի տագնապի լուծման հարցով, միւսը` Հարաւային Կովկասի:
Էյմոն Կիլմոր շեշտեց, որ այս տարի կազմակերպութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար մտադիր է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ սերտօրէն համագործակցիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.