Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը Թուրքիոյ Կառավարութենէն Կը Պահանջէ Հայ Համայնքին Վերադարձնել
Պոլսոյ՝ Սանսարեան Խանը ։
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ընդհանուր
փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան 1859ին ճարտարապետ Յովսէփ Ազնաւորուի կողմէ կառուցուած Սանսարեան
Խանը (իջեւանատուն) հայ համայնքին վերադարձնելու համար՝ դատական հայց ներկայացուցած
է:
1944-էն ի վեր սոյն շէնքը ( պատկանելով Թուրքիոյ կառավարութեան) տարբեր նպատակներով
օգտագործուած է, իբրեւ ոստիկանութեան բաժանմունք, դատարան, փաստաբանական գրասենեակ: «Կ՛ուզենք,
որ կառավարութիւնը բարի կամք դրսեւորէ եւ ինչպէս որ Յոյներու Պատրիարքարանին վերադարձուց
Յոյներու Որբանոցը, այդպէս ալ թող մեզի վերադարձնէ Սանսարեան Խանը», ըսած է Աթեշեան Սրբազան-ը: