2012-01-14 12:59:59

Հրանդ Տինքի Որդին Նոր Բացայայտումներ Ըրած Է Հօրը Սպանութեան Հարցով։


՝՝Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութենէն 5 տարի անց, յանցագործութեան իսկական մեղաւորներուն դէմ ուղղուած ապացոյցները կը շարունակուին պահուիլ՝՝ «Թուտէյզ Զաման»ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին , Յունուար 13ին զայս ընդգծած է Տինք ընտանիքի փաստաբան Տիկին Ֆեթհիէ Չեթինը:
«2008ին մենք պահանջած ենք Տինքի սպանութենէն առաջ կատարուած հեռաձայնային խօսակցութիւններու ցուցակ: Մենք վերջերս միայն դատական լսումներէն կրցանք ունենալ այդ ցուցակը: Այն ատեն կը պատրաստուէին դատական գործը փակել: Աւելին, ոստիկանութիւնը դատարանին ներկակայացուցած էր ապակողմնորոշող տեղեկատուութիւն, հեռաձայնային խօսակցութիւններու ցուցակին մասին», նշած է Չեթին:
Հրանդ Տինքը սպաննած երիտասարդը բանտարկութեան դատապարտուած է, սակայն անոնք, որոնք գաղտնի կերպով ծրագրած են սպանութիւնը, ցարդ անպատիժ կը մնան: Չեթին նշած է, որ ոստիկանութեան հետաքննութեան արդիւնքները կը հակասեն այլ տեղեկութեանց: Տինքի ընտանիքի փաստաբանները յայտնաբերած են առնուազն բջիջային հեռախօսի 5 թիւեր, որոնք կը պատկանին անոնց, որոնք սպանութեան օրը ներկայ էին յանցագործութեան վայրը: Անոնք անմիջականօրէն կապուած են Մուսթաֆա Էօզթիւրք-ի եւ Սալիհ Հասիսալիօղլուի (անուն անձերու) հետ, որոնք կը համարուին հետաքննութեան կասկածեալներէն: Հեռահաղորդակցութեան տնօրինութիւնը յայտնած է դատարանին, թէ 6235 հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է սպանութեան պահուն, եւ այդ տարածքին մէջ 9300 հոգի այդ պահուն իրենց մօտ ունեցած են բջիջային հեռախօսներ:
Փաստաբանուհի Չեթին յայտարարած է նաեւ, որ հեռահաղորդակցութեան տնօրինութեան կողմէ բերուած տեղեկութիւնները ճիշդ չեն եւ աւելցուցած, որ հեռախօսի թիւերէն մէկը, որ կը պատկանէր սպանութեան պահուն այդ տարածքին մէջ գտնուող բջիջային հեռախօսներէն մէկուն, օգտագործուած է 19 անգամ, եւ այդ մէկը շատ հաւանաբար Մուսթաֆա Էօզթիւրք-ի թիւը եղած է:
Փաստաբանը Պոլսոյ ոստիկանութեան վարչութիւնը ամբաստանած է տեղեկութիւններ եւ ճշմարտութիւնը ծածկել փորձելու յանցանքով: Երբ Չեթինին հարցուցած են, թէ ի՞նչ կ՛ակնկալէ յաջորդ դատական նիստէն, երբ հաւանականութիւն կայ որ դատական գործընթացը փակուի, ան պատասխանած է, թէ պիտի պահանջուի ցմահ բանտարկութիւն եւ ազատ արձակման ոչ մէկ վաղաժամկէտ հնարաւորութիւն: «Ամէն ինչ կախուած է դատարանէն: Դատարանը կը փափաքի արագօրէն արձակել վճիռը, քանի որ կասկածեալները արդէն 5 տարի է որ դատական գործընթացներու մէջ են», ընդգծած է ան:
Տինքի ընտանիքի փաստաբաններուն համաձայն, Անգարա կ՛ընդդիմանայ սպանութեան ծալքերու ամբողջական բացայայտմանը, որովհետեւ կը բացակայի քաղաքական կամքը:
Ի դէպ, թերթին մէջ տեղ գտած մէկ այլ հրապարակումով մը կը գրուի, թէ Տինքի սպանութեան հետաքննութեան հետ կապուած վերջին ապացոյցը գտնուած է անոր զաւակին՝ Առատ Տինքի, ջանքերուն շնորհիւ: Ան պատրաստած է համակարգիչի յատուկ ծրագիր մը, որ բացայայտած է սպանութեան առնչութեամբ ոստիկանութեան կողմէ ներկայացուած ապակողմնորոշիչ տեղեկատուութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.