2012-01-14 13:00:28

Հայ Համայնքի Միջբարեսիրական Հաստատութիւններու Ժողովին Հրաւէրով Հայ Ծերունիներու Հաւաքոյթ։


Լիբանան։
Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին նախաձեռնութեամբ, հինգշաբթի, 12 յունուարին, Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահը լեցուցած էին հայ մամիկներ ու պապիկներ, որոնք հրաւիրուած էին Նոր տարին ու Ս. Ծնունդը նշելու եւ միասնաբար ճաշելու: Ներկայ էին երեք հայ համայնքներու՝ առաքելական, կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Հարպոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ երէց սերունդը իր իմաստութեամբ եւ փորձառութեամբ շատ բան ունի փոխանցելիք նոր սերունդներուն, որոնք յատկապէս իրենք զիրենք բախտաւոր պէտք է զգան մեծ մայրերուն եւ հայրերուն օրհնութիւնները ստանալով: Ան ըսաւ որ այս հաւաքոյթով Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին նպատակն է համախմբել ծերունիները, ուրախացնել զանոնք, օգնել եւ անոնց զգացնել, որ իրենք տէր են իրենց ազգի զաւակներուն` ինչ տարիքի ալ պատկանին անոնք:
Կէսօրուան ճաշին օրհնութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ այս առիթով սրահը լեցուցած երէց սերունդի ներկայացուցիչներուն ուղղած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ իւրաքանչիւր ծերունիի ընդմէջէն յաղթանակը կ՛արտացոլայ, որովհետեւ անոնք ապրած, համբերած, գործած ու յաղթած են, իսկ այսօր, երբ եկած է հանգիստ ընելու պահը, պէտք է ուրախ ըլլան անոնք, որովհետեւ կեանքի դաժան պայքարը մղած են արդէն: Ան շեշտեց, որ երէց սերունդը հասարակութեան հիմնական սիւնը կը կազմէ:
Ապա խօսք առաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ.Փոլ Հայտոսթեան, որ անդրադարձաւ տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներու միասին ապրելու կարեւորութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւրը տալիք ունի ընկերութեան: Ան յատուկ կերպով շեշտը դրաւ ծառայութեան կարեւորութեան վրայ, գնահատեց երէց սերունդի ներկայացուցիչներուն նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատարութիւնն ու հետաքրքրութիւնը:
Հայ կաթողիկէ համայնքին անունով խօսք առաւ արհիապատիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, որ վեր առաւ ծերունիներուն ներկայութիւնը երիտասարդ սերունդին կողքին` իբրեւ ուղեցոյց եւ օրհնութիւն: Ան յոյս յայտնեց, որ ժպիտն ու առողջութիւնը անպակաս ըլլան, որովհետեւ կեանքի նոր հանգրուան մըն է ծերութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Քառասնից Մանկանց, Սրբուհի Ագնէս, Դարուհի Յովակիմեան եւ Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարաններու աշակերտները` երգով, պարով եւ ասմունքով: Ծերունիները խանդավառ եւ ուրախ ժամեր անցուցին , նուէրներ ստացան եւ միասնաբար ճաշեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.