2012-01-14 12:20:17

՜՜Գաղթականները Հարստութիւն Մըն Են ժողովրդապետութիւններու Համար՝՝
Կը գրէ Մեծն Պրիթանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի` գաղթականներու գրասենեակի պատասխանատու՝ գերպայծառ Բաթրիք Լինջ։


Գաղթականներու 89րդ միջազգային օրուան առթիւ՝ որ կը նշուի կիրակի 15 յունուարին Մեծն Պրիտանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի` գաղթականներու գրասենեակի պատասխանատուն՝ գերպայծառ Բաթրիք Լինջ, հրատարակած է պատգամ մը՝ որուն մէջ կը հրաւիրէ հաւատացեալները քաղելու եկեղեցւոյ նպաստաւոր այն օգուտները զոր <<հաւատքի ու վկայութեան>> ճամբով գաղթականներու հասարակութիւնը կու տայ ամէն օր։Այս ուղղութեամբ` գերպայծառ Լինջ կոչ կ՛ուղղէ հաւատացեալներուն ապրելու իրենց հաւատքի ճանապարհը որպէս <<կեանքի ճանապարհ>> որ պէտք է կատարուի որպէս <<համայնք>>։ Գերապայծառ Լինջ ապա կը մատնանշէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գաղթականներու միջազգային 89րդ օրուայ առթիւ յղած պատգամին նիւթին որ է <<գաղթականութիւն եւ նոր աւետարանցում>> ու կը խնդրէ հաւատացեալներէն ըլլալու գիտակից թէ ամէնքս կանչուած ենք աւետարանը ընդունելու եւ աւետարանելու, վկայելով՝ Աստուծոյ խօսքը ու Քրիստոսի Յարութիւնը ժամանակակից աշխարհի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.