2012-01-13 12:52:32

Քէնիայի Եկեղեցին Կը Պատրաստուի Նշելու Քրիտոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը։


Յառաջիկայ 18-25 յունուար ինչպէս ամէն տարի Տիեզերական եկեղեցին կը նշէ Քրիստոնեաներու Միութեան Շաբաթը։ Տարեկան արարողութիւն մը՝ որ կը վերակոչէ հրատապ հարցը Տիրոջ հետեւորդներու միջեւ հաստատելու եւ վերականգնելու միութիւնը։ Այս շաբթուայ ընթացքին տեղի կ՛ունենան ամէնօրեայ ապաշխարութեան աղօթքներ, ու Աստուծոյ ողորմութիւնը հայցող՝ ու Անոր գոհութիւն մատուցող՝ արարողութիւններ։
2012 տարուայ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթուան նիւթն է <<Ամէնքս պիտի բարեփոխուինք Յիսուսի Քրիստոսի յաղթանակի միջոցաւ>> (Ա. Կոր 15, 51-58)։Նիւթ մը որ Քէնիայի եկեղեցին եւս իւրացուցած է ։ Քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ աշխարհականներուն ուղղուած պատգամի մը մէջ, որ կը կրէ Քէնիայի եպիկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Փիթէր Գայրօյի ստորագրութիւնը, կը մատնանշուի թէ<<Տէրը մեզ բոլորս կը հրաւիրէ, որպէս անհատ, որպէս ընտանիք, որպէս քրիտոնեայ հասարակութիւն եւ որպէս տարբեր եկեղեցիներ իր հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու՝ որպէսզի ձեւաւորուինք եւ մեր ցանկացած միութեան իսկական պտուղները վայելենք։>> Այս առթիւ Քէնիայի եպիկոպոսկան Համահաւաք դասը, ի պատրաստութիւն Քրիտոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուայ , անգլերէն եւ գիշուալի լեզուներով` հրատարակած է թղթածրար մը։ Քէնիայի եպիկոպոսկան Համահաւաք դասը ինչպէս նաեւ տիեզերական եկեղեցին յատուկէն յիշատակի տուրք կը մատուցեն գերապայծառ Էլէուգէրիօ ֆորէինոյին, որ մահացած է 2010-ին եւ որ տարիներ շարունակ եղած է՝ Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի` միութեան շաբթուայ նախապատրաստողական միջազգային յանձանխումբի անդամ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.