2012-01-13 12:51:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Ուրբաթ 13 յունուար 2012, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.
- Կարտինալ Տարիօ Հոյեոս` վաստակաւոր կառավարիչը կղերի ժողովին,
- Գերապայծառ Գլաուտիօ Չելլի` նախագահը ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդին,
- Գերապայծառ Տոմենիքօ Սոռենթինօ` առաջնորդը Ասիզի-Նոչերա թեմին
Երեկոյեան Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ժոզէֆ Լեվատա` կառավարիչը հաւատոյ ժողովի։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խօսքը Վատիկանի Հանրային Ապահովութեան Մարմնի Կառավարիչներուն Եւ Անձնակազմին։
Ամանորի բարեմաղթութիւններու փոխանակումին առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ առաւօտ, ընդունեց Վատիկանի հանրային ապահովութեան մարմինի կառավարիչներն ու անձնակազմը, յայտնելու անոնց իր երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը, Վատիկանի հողին վրայ մատուցած ծառայութիւններուն համար, ուր կ'անցնին տարեկան միլիոնաւոր ուխտաւորներ եւ զբօսաշրջիկներ եկած՝ աշխարհի չորս ծագերէն։
Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերեց 1 յունուարի խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամին ընթացքին ուղղած խօսքը ''դաստիարակել նոր սերունդը արդարութեան ու խաղաղութեան''։ Այս երկու բառերը յաճախ աղաւաղուած են ներկայ ընկերութեան մէջ։ Արդարութիւնը մարդկային լոկ համաձայնութիւն մը չէ, այլ առաքինութիւն է, եւ կ'ուղղէ անհատը դարձնելու ուրիշին իրաւունքը։ Խաղաղութիւնը նոյնպէս, լոկ պատերազմի պակասը չէ՝ անիկա աստուածային պարգեւ մըն է, որ պէտք է Աստուծմէ խնդրել, որովհետեւ ճշմարիտ խաղաղութիւնը կ'ենթադրէ գութ, զօրակցութիւն, եղբայրակցութիւն եւ համագործակցութիւն։
Խաղաղութիւնը սերտօրէն կապուած է արդարութեան հետ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսքը ուղղելով հանրային ապահովութեան մարմինին ըսաւ. ՜՜ դուք որպէս ոստիկաններ եղէք ռահվիրաները արդարութեան եւ լուրջ կերտիչները խաղաղութեան ։ Մեր աղօթքը բարձրացնենք Աստուածամօր` Թագուհի խաղաղութեան, որպէսզի իր մայրական հովանաւորութեամբ օգնէ մեզի գործադրելու մեր առաջարկները փոխադարձ յարգանքի նշանով։ Ձեզի ամէնուդ կը հայցեմ աստուածային օրհնութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.