2012-01-13 12:54:16

Միջ-եկեղեցական Խորհրդակցութիւններ Անթիլիասի Մէջ Նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին։


Հինգշաբթի 12 Յունուարին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ շարք մը միջ-եկեղեցական խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին:
Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Վեհափառին եւ Ժորժ Սալիպա Արքեպիսկոպոսին միջեւ որպէս ներկայացուցիչը ասորի եկեղեցւոյ Պետ Զագգա Ա. Պատրիարքին:
Սալիպա Արքեպիսկոպոս Վեհափառին փոխանցեց Զագգա Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, ապա անոնք խորհրդակցեցան Սուրիոյ մէջ քրիստոնէական միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութեան, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան նոր թափ տալու, ինչպէս նաեւ՝ յառաջիկայ շաբաթ Ատիս Ապեպայի մէջ (Եթովպիա) տեղի ունենալիք կաթողիկէ եւ ուղղափառ աստուածաբանական երկխօսութեան առնչուած հարցերուն մասին:
Այս հանդիպումին յաջորդեց այլ հանդիպում մը, ներկայութեամբ՝ ասորի կաթողիկէ Պատրիարք Իկնաս Եուսէֆ Եունանի, Պէյրութի Մարոնիներու Արքեպիսկոպոս Փօլ Մաթարի , ուղղափառ եկեղեցիէն Քոսթաքայալ Արքեպիսկոպոսին, Աւետարանական եկեղեցիէն Դոկտ. Հապիպ Պատըրի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար՝ Դոկտ. Փօլ Րուհանային:
Խորհրդակցութեան գլխաւոր նիւթն էր Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին աշխատանքը վերակազմակերպելու կարելիութիւնները շրջանէն ներս յառաջացած նոր մարտահրաւէրներու դիմաց:
Յիշեալ հանդիպումին յաջորդեց մամլոյ ասուլիս մը Կաթողիկոսարանէն ներս մասնակցութեամբ յիշեալ անձերուն: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքէն ներս քրիտոնէութեան ներկայութեան, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան առնչուած շարք մը հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.