2012-01-13 12:54:29

Կոմիտասի Գործերու Ձայնապնակ՝ Արծրունիի Մեկնաբանութեամբ։


Անատոլու Քիւլթիւր կազմակերպութեան ղեկավար Օսման Գավալայի «Ճէզայիր» հանդիսասրահին մէջ կատարուեցաւ վերջերս Կոմիտասի դաշնակի կտորներուն նուիրուած ձայնապնակին ծանօթացումը դաշնակահար Շահան Արծրունիի մեկնաբանութեամբ։ Ալպոմը պատրաստուած է շատ բարձր ճաշակով ու գեղարուեստական շքեղ տպագրութեամբ։
Ձայնապնակին մեկենասութիւնը ստանձնած են տէր եւ տիկին Տիգրան Կիւլմէզկիլները։ Անիկա արտադրուած է հանրայայտ «Գալան» երաժշտական ընկերակցութեան կողմէ:
Ճոխ ընդունելութեան առընթեր խօսք առին եւ ձայնապնակը ծանօթացուցին՝ յայտնի դէմքեր յիշենք անոնցմէ Քիւլթիւր կազմակերպութեան ղեկավարը՝ Օսման Գավալա, որ հինէն ի վեր սէր ու յարգանք կը ցուցաբերէ հայ մշակոյթին ու գեղարուեստին նկատմամբ։ Ան պատշաճ արտայայտութիւններով գովեց Շահան Արծրունիի գործը եւ գնահատեց կատարուած աշխատանքը»։Ապա մեկենասները խօսեցան գործին կարեւորութեան մասին, որմէ ետք՝ «Գալան» երաժշտական ընկերակցութեան տէրը՝ Հասան Սալթուք, ընդգծեց թէ որքան կարեւոր է Անատոլուի հայկական մշակոյթն ու երաժշտութիւնը։
Իսկ Դաշնակահար Շահան Արծրունի յիշեցուց որ Կոմիտաս առաւելաբար ծանօթ էր իրեն որպէս երգչախմբային գործերու հեղինակ, մինչեւ որ ճանչցաւ անոր դաշնակի գործերը։ 1961ին երբ կը նշուէր Կոմիտասի հարիւրամեակը, իրմէ խնդրուեցաւ որ պատրաստէ յայտագիր մը։ Այս առիթով նախ ինք սորվեցաւ, ապա ուրիշներուն ալ սորվեցուց Կոմիտասի այս երեսակը։ 1961ին տարուած այդ աշխատանքին հունտերն են որ այսօր ծնունդ տուած են այս ձայնապնակին։ Հուսկ՝ ան շնորհակալութիւն յայտնեց մեկենաս Կիւլմէզկիլ ամոլին, որ ընթացք տուաւ այս ձայնապնակը հովանաւորելու պարտականութեան»։








All the contents on this site are copyrighted ©.