2012-01-13 12:53:05

Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան Հողային Ներդրումը՝ Որպէս Միջոց Գաղթականութեան Դէմ Պայքարելու։


Ներկայիս Երուսաղէմի մէջ տեղի կ'ունենայ Ս. Երկրի համակարգումի ժողովը մասնակցութեամբ՝ Եւրոպայի եւ ԱՄՆի եպիսկոպոսներուն։
Գաղթականութեան ալիքին դէմ պայքարելու համար, Երուսաղէմի լատին պատրիարքութիւնը կը հրաւիրէ Ս. Երկրի բոլոր թեմերու պատասխանատուները որ տնային շինարարութեան ի նպաստ ներդրում կատարեն։
Ամէն տարի Երուսաղէմի մէջ տեղի կ'ունենայ Ս. Երկրի համակարգումի ժողովը, ներկայութեամբ՝ տեղական եկեղեցիներու պատասխանատուներուն եւ մասնակցութեամբ՝ Եւրոպայի ու ԱՄՆի եպիսկոպոսներուն, քննարկելու ''տեղական եկեղեցւոյ ուրախութիւններն ու վիշտերը, յոյսերն ու վախերը''։
Այս տարուայ ժողովին գլխաւոր նիւթը եղաւ, տեղացի քրիստոնեաներու բնակութեան հարցը։ Ներկայիս աւելի քան 650 բնակութեան դիմումնագիր կայ Երուսաղէմի հին քաղաքին մէջ բնակելու համար, յայտարարած է Ս. Երկրի Պահակութեան ներկայացուցիչը։
Քրիստոնեաները` լատին, հայ թէ օրթոտոքս, միշտ նախընտրած են բնակիլ Երուսաղէմի հին քաղաքը, հակառակ որ տեղական իշխանութիւնները մեծ դժուարութեամբ շինարարական արտօնութիւն կու տան։
Երուսաղէմի լատիներուն պատրիարքը` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ, իր կարգին խնդրած է որ Ս. Երկրի ամէն մէկ թեմ ստանձնէ բնակութեան ծախսերը քրիստոնեայ ընտանիքի մը, ընդգծելով որ ընտանիք մը առանձին ի վիճակի չէ ունենալու սեփական տուն մը ։ Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն՝ արեւելեան Երուսաղէմին մէջ, շուրջ 10 հազար քրիստոնեայ ընտանիքներ կ'ապրին՝ 450 հազար բնակիչներուն վրայ, եւ 50 հազարը` կ'ապրի պաղեստինեան գրաւեալ հողամասին վրայ։ Ամէն տարի շուրջ 600 հոգի Երուսաղէմէն, Անդրյորդանանէն եւ Կազայի գօտիէն կը գաղթեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.