2012-01-12 12:19:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի 12 յունուար 2012-ի՝ առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իտալիոյ Լացիօ Մարզի Նախագահ՝ Տիկ Րէնադա Բոլվէրինին, Հռոմի Քաղաքապետ Տիար Ճաննի Ալէմաննոն եւ Հռոմի Գաւառի նախագահ Տիար Նիքոլա Ծինկարէթթին։
Հուսկ Ժամը 11.30-ին՝ Գլեմենթինա սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Լացիօ Մարզի, Հռոմի Քաղաքապետարանի եւ Հռոմի Գաւառի վարչական կազմին։
Ապա ժամը 12ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Ճաբոնի Թաքամաթսու, Օյիթա, եւ Հիրոշիմա թեմերու եպիսկոպոսները։
Լացիօ Մարզի, Հռոմի Քաղաքապետարանի եւ Հռոմի Գաւառի վարչական կազմին արտասանած իր ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ տնտեսական ճգնաժամին ու անոր հետեւանքներուն, մատնանշելով՝ թէ տնտեսական տագնապը կրնայ առիթ հանդիսանալ համայն հասարակութեան, ստուգելու թէ արդե՞օք այսօրուայ ընկերային կեանքի հիմնական արժէքները կարողացան ստեղծել աւելի արդար, հաւասար ու զօրակից ընկերութիւն մը կամ ընդհակառակն պահանջ կայ վերահաստատելու այլ արժէքներ որ իսկական յեղաշրջում ներշնչեն եւ խթան հանդիսանան տնտեսութեան վերականգման, մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերելով անհատի ընդհանուր բարիքին։ Այս ուղղութեամբ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Քրիստոնեայ հասարակութիւնը դաստիարակչական յանձնառու գործունէութեան կը դիմէ, մանաւանդ նոր սերունդի հանդէպ։
Պենետիկտոս ԺԶ. մատնանշեց ապա թէ ինչպէս ներկայ ճգնաժամը, իր արմատները, ըստ էութեան կը գտնուին անհատականութեան մէջ , որ կը մթագնէ մարդու յարաբերական չափանիշը ու զինք կը մղէ ինքնիր մէջ` իր սեփական աշխարհի մէջ փակուելու։ Հաւատքը, յարեց սրբազան հայրը, մեզի կ՛ըսէ թէ մարդը կանչուած է ապրելու ուրիշի հետ յարաբերութեան մէջ, եւ թէ <<Ես>> ը իքնզինք կը գտնէ միայն ուրիշին հետ յարաբերութեան մէջ մտնելով ու անկէ ընդունուելով եւ սէր ստանալով։
Առ այդ՝ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց հիւրընկալութեան վրայ , մանաւանդ՝ աղքատներու, թշուառներու եւ գաղթականներու հանդէպ ցուցաբերերելու զօրակցութիւն հիմնուած օրինականութեան վրայ։
Իշխանութիւնները պարտականութիւնն ունին ուշադիր ըլլալու եւ նեցուկ կանգնելու այս իրողութիւններուն, որոնցմէ կախեալ է հասարակաց բարիքը. այս ուղղութեամբ՝ յատուկ աջակցութիւն պէտք է տրամադրուի ընտանիքներուն, յատկապէս բազմանդամ ընտանիքներուն, որոնք շատ անգամ մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուին, մանաւանդ աշխատանքի պակասի պատճառաւ։ Ձեզ կը խրախուսեմ պաշտպանելու ընտանիքը որ հիմնուած է ամուսնութեան վրայ որպէս հասարակութեան կենսական բջիջ մը, ու այս ուղղութեամբ ընտանիքներուն ապահովել անհրաժեշտ պայմանները արժանավայել կեանքի մը։
Յարգելի վարչակազմերու անդամներ, ` ըսաւ նորին սրբութիւնը խօսքը եզրափակելով` մարտահրաւէրները բազմաթիւ են, դուք կարող էք դիմագրաուել զանոնք այնքան որքան ձեր մէջ կը զօրանայ գիտակցութիւնը թէ ամէն անհատի ճակատագիրը կապուած է բոլորին ճակատագրին։ Ձեզի կը վստահեցնեմ իմ մշտական աղօթքներս ձեր յանձնառումին՝ համայն հասարակութեան համար, ու ձեզ բոլորդ կը յանձնեմ Սուրբ Կոյս Մարիամի Հովանիին. Հռոմի, Լացիոյի եւ համայն նահանգի բնակիչներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.