2012-01-12 12:01:35

Միսաք Մեծարենցին Նուիրուած Դասախօսական Երեկոյ


Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած է դասախօսական երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 15 Յունուար 2012ի երեկոյեան ժամը 5ին, ԹՄՄ Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ։Սոյն դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենար Դեկտեմբեր 4ին։
Դասախօսութեան նիւթը պիտի ըլլայ հայազգի վաղամեռիկ բանաստեղծներէն Միսաք Մեծարենցի կեանքն ու գրականութիւնը, անոր ծննդեան 125ամեակին առիթով, զոր պիտի ներկայացնէ ամերիկաբնակ հայ մտաւորական, գրող ու հրապարակախօս Սարգիս Մահսէրէճեանը։
Մահսէրէճեան աւարտած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը եւ նախքան Միացեալ Նահանգներ գաղթելը, երկար տարիներ եղած է Պէյրութ հրատարակուող «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան անդամ եւ խմբագիր-տնօրէն։
Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը եւ աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.