2012-01-12 12:01:15

Ահաբեկչական Արարք Մը՝ Քիրքուքի Գաղտէացիներու Արքեպիսկոպոսարանի Դէմ ։


Չորեքշաբթի 11 յունուար 2012-ին, երկու ահաբեկիչներ կրակ բացին Քիրքուքի՝ Գաղտէացիներու արքեպիսկոպոս գերապայածառ Լուիս Սագոյին ու անոր ընկերացող քահանայի մը դէմ, մինչ անոնք արքեպիսկոպոսարանի դրան առջեւ կը գտնուէին։
Երկու եկեղեցականները բարեբախտաբար մահափորձէն անվնաս ազատեցան։
Ըստ տեղւոյն ոստիկանութեան հետազօտութեան տուեալներուն՝ հաւանական է որ ահաբեկիչներու արարքի նպատակակէտը` Թիւրքմէան Խորհրդական Ժալա Նիֆթաժիի դէմ արարքը կատարել էր, սակայն անփորձ ըլլալով անոնք մօտակայ արքեպիսկոպոսարանի դէմ կրակը բացած են։ Նշենք որ երկու ահաբեկիչները իրաքի ոստիկանութեան հետ ունեցած՝ բախումներու հետեւանքով մահացան, մինչ այս առթիւ հինգ զինուորներ վիրաւորուեցան։








All the contents on this site are copyrighted ©.