2012-01-11 14:31:05

Ֆրանսացի Գրողը Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Վաւերացնելու Կոչ Կ՛ընէ.


Ֆրանսացի յայտնի գրող Պեռնար Անրի Լեւի ամերիկեան «Huffington Post»ին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը կոչ ըրած է ֆրանսացի ծերակուտականներուն՝ վաւերացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը:
«Խորհրդարանին ընդունած օրինագիծը, որուն նպատակն է քրէականացնել ժխտողականութիւնը, չ՛առաջարկեր պատմութիւն գրել պատմաբաններու փոխարէն, այն պարզ պատճառով, որ պատմաբանները արդէն իսկ շատո՛նց կատարած են իրենց պարտականութիւնը», կը գրէ Լեւի՝ անտեղի համարելով թուրք քաղաքական գործիչներուն այն պնդումները, թէ խորհրդարանները նման հարցերով պէտք չէ զբաղին:
Նշելով, թէ ոչ մէկ լուրջ պատմաբան կասկածի տակ կը դնէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ Լեւի կ՛ընդգծէ, թէ ժամանակն է որ ծերակուտականները աւարտեն այս գործընթացը, «առանց ահաբեկուելու պատմաբաններու փոքր խումբի մը կողմէ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.