2012-01-11 14:30:07

Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Հոլիվուտի Հայութեան Հետ։


Կազմակերպութեամբ Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հոլիվուտի հայութեան ու Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆի միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 15ին, երեկոյեան ժամը 5:30էն մինչեւ 7:30, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ
Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Փօլ Սերայտարեան կը յայտնէ, թէ հանդիպումը առիթ մը պիտի ըլլայ շրջանի հայութեան համար հարցումներ ուղղելու հայասէր քոնկրեսականին, զիրենք մտահոգող խնդիրներու մասին, յատկապէս նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ յառաջիկայ քոնկրեսական ընտրութիւններուն ի զօրու դարձող քոնկրեսական նոր սահմաններուն համաձայն, Փոքրիկ Հայաստանը եւս կ՛իյնայ Շիֆի ընտրատարածքէն ներս:
Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Թերեզա Երեմեան կը յայտնէ, թէ շրջանի հայութիւնը պէտք է մեծաթիւ ներկայութեամբ ցոյց տայ քոնկրեսականին, թէ մօտէն հետաքրքրուած է Փոքրիկ Հայաստանի եւ Հոլիվուտի հարցերով:
Յունուար 15-ին տեղի կ՝ունենայ նաեւ խմորեղէնի եւ ըմպելիներու հիւրասիրութիւն,ՀայԿեդրոնի սրահին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.