2012-01-11 13:00:40

Քանդուած Վարագայ Վանքը Կը Թալանուի


Թուրքիա- Վերջին երկրաշարժներէն քանդուած Վանի Վարագայ վանքը նաեւ զոհ գացած է աւազակներու յարձակումներուն. ըստ վանեցի լրագրող Այթաչ Սելճուքի տեղեկութեան։
՜՜Երկրաշարժէն ետք (գրած է ան) տեղացի կարգ մը բնակիչներ, գանձ գտնելու յոյսով, աւերակոյտի վերածուած եկեղեցիի փլատակներուն տակ սկսան պեղումներ ընելու՝ թալանի ենթարկելով կառոյցը եւ պատճառ դառնալով, որ քանդուած եկեղեցին բոլորովին չքանայ՝՝:








All the contents on this site are copyrighted ©.