2012-01-11 12:59:44

Պրիւքսէլի Մէջ Համաժողով-բանավէճ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասերու Յանձնախումբին հրատարակած Փաստաթուղթի Շուրջ։


Հինգշաբթի 12 յունուար 2012-ի ժամը 12.30-ին, նախաձեռնաութեամբ եւրոմիութեան Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու յանձնախումբին ու Լեհաստանի եւրոմիութեան մօտ մնայուն Դէտին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի կ՛ունենայ Համաժողով-բանավէճ վերոյիշեալ եպիսկոպոսական յանձնախումբի հրատարակած փաստաթուղթի շուրջ, որ ունի որպէս նիւթ << Զօրակից եւ պատասխանատու Եւրոպական հասարակութիւն մը>> ։
Սոյն թղթածրարը ընդունուած էր անցեալ հոկտեմբեր 2011ի՝ եւրոմիութեան Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու յանձնախումբին լիասնիտ ժողովի ընթացքին, ու նուիրուած է ֆինանսական եւ տնտեսական ճգնաժամին՝ որուն մէջ կ՛ապրինք։ Համաժողովի ներկայացումը կը կատարէ Կարտինալ Րէյնարտ Մարքս որ է նաեւ Եւրոմիութեան Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու յանձնախումբի փոխ նախագահը։ Հուսկ տեղի կ՛ունենայ բանավէճը, որուն կը մասնակցին Րատոզլավ Մլէծքօ Լեհաստանի հանրապետութեան աշխատանքի նախարարութեան ենթաքարտուղարը եւ Վիթթորիօ Բրոտի Եւրոխորհուրդի անդամ։ Բանավէճը կը վարէ ՜՜Լա Գրուա՝՝ օրաթերթի խմբագիր լրագրող Սեպաստիան Մայիար








All the contents on this site are copyrighted ©.