2012-01-11 12:55:53

Լոմպարտիա Նահանգի Նախապատրաստութիւնները՝ Ընտանիքի 7-րդ Համաշխարհային Օրուայ Նշումին։


Յառաջիկայ 29 մայիսէն մինչեւ 3 յունիս 2012, Միլանոյի մէջ պիտի նշուի Ընտանիքի Համաշխարհային 7րդ Օրը։ Այս առթիւ 11 յունուարի երեկոյեան՝ միլանոյի մէջ ու ապա Լոմապարտիա նահանգի այլ քաղաքներու մէջ, տեղի կ՛ունենան ընտանիքներու հետ պատրաստողական շարք մը հանդիպումներ, միասնաբար քննարկելու՝ Ընտանիքի Համաշխարհային օրուայ հետ կապուած հիւրընկալութեան հացերը։ Ըստ տուեալներուն կարիքը կայ որ 100.000 ընտանիքներ իրենց տուներու դռները բանան հիւրընկալելու՝ ուրիշ քաղաքներէն եւ երկիրներէն Միլանօ ժամանած՝ հաւատացեալ ընտանիքները։
Նշենք թէ յառաջիկայ 13 յունուարին, Ացիոնէ Գաթթոլիքա Շարժումի կազմակերպութեամբ տեղի կ՝ունենայ Կլոր Սեղան մը <<Ընտաինքը եւ Քաղաքը> նիւթին մասին։ Հանդիպումը հովանաւորուած է Միլանոյի Քաղաքապետարանի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.