2012-01-11 14:29:59

Զուիցերիոյ ՀՀ Դեսպանատան Մէջ Տեղի Ունեցած՝ Պարգեւներու Յանձնման Արարողութիւն։


Յունուար 10ին Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ զուիցերիահայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ հայկական կազմակերպութիւններուն շնորհուած պատուոգրերու եւ շնորհակալագրերու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շառլ Ազնաւուր ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան պատուոգրերը յանձնեց Թօփալեան հիմնադրամին, զուիցերիահայ հանրայայտ խմբավար Լիւք Պաղտասարեանին, երաժշտահան Սիրվարդ Ղազանչեանին, բանաստեղծ, հայագէտ Վահէ Կոտելին: ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան պատուոգրերը եւ շնորհակալագիրը յանձնուեցան Թօփալեան դպրոցի տնօրէն Նեւրիկ Ազատեանին, Ժընեւի համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Վալենթին Գալզոլարի-Բուվյէին, Թօփալեան դպրոցի ուսուցչուհի Մետա Խաչատրեանին:
Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին դեսպան Ազնաւուր շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւատրուածներուն՝ հայ մշակոյթի եւ հայակերտման ու հայապահպանման գործին մէջ իրենց ունեցած աւանդին համար: Դեսպանը նշեց, որ Հայաստանի անկախութեան քսանամեակին առնչութեամբ համապատասխան գերատեսչութիւններու կողմէ տրուած պատուոգրերը եւ շնորհակալագրերը խորհրդանշական են, եւ անկախ Հայաստանի կայացման գործին մէջ համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ օտարերկրեայ գործիչներու անձնուէր գործունէութեան գնահատանքի արտայայտութիւնն են:








All the contents on this site are copyrighted ©.