2012-01-11 12:58:09

Գաղթականութեան Երեւոյթները Եզակի Ճամբայ Մը Կը Բանան Աւետարանութեան։


Գաղթականութեան եւ փախստականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահը գերապայծառ Վելիօ, Վատիկանի Օսսերվատորէ Րօմանօ օրաթերթին հետ ելոյթ ունենալով յայտնած է որ գաղթականութեան երեւոյթները Եկեղեցւոյ ու քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար եզակի ճամբան մը կը բանան, ճանչցնելու՝ Քրիստոսի Աւետարանը գաղթականներուն եւ փախստականներուն, եւ միաժամանակ անոնք կարող են արթնցնել տեղացի քրիստոնեաները իրենց գաղջ վիճակէն։ Գերապայծառ Վելիօ, իր ելոյթին ընթացքին,մէջբերած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը ուղղուած լրագրողներուն, հրաւիրելով զանոնք ծաւալելու զօրակցութեան մշակոյթը ընկերութեան մէջ։ Նշենք որ հարկաւոր է լրագրողներու սատարը այդ ուղղութեամբ հրաւիրելու ընկերութիւնը խօսելու նոր իրավիճակին մասին եւ գաղթականներու իրաւունքին բռնաբարումին մասին։ Յայտնենք որ գերապայծառ Վելիօ, այլ 21 եկեղեցականներու հետ միասին, յառաջիկայ 18 փետրուարին կը ստանայ կարտինալական Աստիճանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.