2012-01-10 12:29:43

Օգտաշատ Նոր Գիրքերու Հրատարակութիւն


Վերջին տարիներուն լոյս տեսած՝ կարգ մը մանկական գիրքերը, կը ճոխացնեն մանուկներու լեզուական պաշարը եւ գրադարանը:
Այս կարգի գիրքերէն են. Փիսիկս, Առաւօտ եւ Հայկ Նահապետ խորագիրները կրող գիրքերը, եւ Հայոց Լեզուի Լիակատար Ուղղագրութիւնը գիրքը: Բոլորին հեղինակն է դոկտ. Օննիկ Հայրապետեան:
Փիսիկս գիրքը նախատեսուած է առաջին դասարանի աշակերտներուն համար, իսկ Առաւօտը՝ երկրորդ դասարանի: Գեղեցիկ գծանկարներով զարդարուած այս գիրքերը, երեխաները ոչ միայն կը կարդան այլեւ կը գունաւորեն պատկերները: Գիրքերուն լեզուն շատ պարզ ու մատչելի է: Երկու գիրքերուն մէջ ալ նիւթը ներկայացուած է հայերէնի երկու տարբերակներով՝ թէ արեւելահայերէն եւ թէ արեւմտահայերէն:
Նիւթը աշակերտներու առօրեային կը վերաբերի արդարեւ ՜՜Հայկ Նահապետ՝՝ը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութենէն կարեւոր դրուագ մը, որ մշակուած է պատմուածքի ձեւով ու ոճով եւ կ՛ընթանայ պապիկ ու թոռնիկի միջեւ զրոյցի ձեւով: Գիրքը պատկերազարդ ու գունատիպ է. նկատի ունենալով բովանդակութեան ծաւալը՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակները առանձին գիրքերով տպագրուած են: Հայոց Լեզուի Լիակատար Ուղղագրութիւնը գիրքը կը պարունակէ հայերէնի ուղղագրութեան կազմաւորման համառօտ պատմականը եւ դարերու ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր փոփոխութիւնները: Գիրքին հիմնական բաժինը համապատասխան օրինակներով եւ քով քովի կը ներկայացնէ դասական եւ նոր (հայաստանեան) ուղղագրութիւններուն կանոնները եւ ցոյց կու տայ երկու տարբերակներուն մէջ, թէ՛ նոյնանման եւ թէ իրարմէ տարբեր օրէնքները: Գիրքը նախատեսուած է, իբրեւ օժանդակ ձեռնարկ, հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներու եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն անսխալ հայերէն գրել:
Դոկտ. Հայրապետեան կրթական լայն փորձառութեամբ, հմուտ դաստիարակ եւ ներհուն մտաւորական մըն է ան իր վերոնշեալ հրատարակութիւններով սատար կը հանդիսանայ մեր մայրենի լեզուն հայ մատղաշ սերունդին մատչելի դարձնելու գործին՝ արդիական դաստիարակչական մօտեցումով: Իսկ ուղղագրութեան գիրքը յոյժ կարեւոր ներդրում կը կատարէ մեր մայրենի լեզուն անաղարտ պահելու ջանքերուն ուղղութեամբ: Սոյն աշխատասիրութիւնը, որպէս դասագիրք կ՛օգտագործուի , Մաշտոց քոլեճի հայագիտութեան հետեւող ուսանողներուն կողմէ, իր իսկ՝ դոկտ. Հայրապետեանի դասաւանդութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.