2012-01-10 12:25:14

24,000 Տոլարի Նուէր՝ Գիւմրիի Մէջ Ապրող Չորս Որբերու։


Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի միջնորդութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի, Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանի եւ կարգ մը հաստատութիւններու պատուարժան բարերար մէկ ամոլը, Առաջնորդարանին միջոցաւ յանձն առած է Հայաստանի Շիրակի Հայոց թեմէն ներս, Գիւմրի բնակող Յովսէփեան ընտանիքի չորս որբերուն երկու տարուան հովանաւորութիւնը՝ 24,000 տոլարի նուիրատուութեամբ: Բարերարները 10 Յունուար 2012էն սկսեալ, ամէն ամիս հազար տոլար պիտի յատկացնեն՝ չորս որբերուն ապրուստը եւ յարակից ծախսերը հոգալու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.