2012-01-09 14:09:55

Քրիստոնեայ Քաղաքական Անկախ Ուժերու Հանդիպում՝ Հարիսայի Մէջ։


Լիբանան։Լիբանանեան քրիստոնեայ քաղաքական անկախ խումբ մը ուժեր, Լիբանանի Տիրամօր մատրան մէջ (որ կը գտնուի Հարիսա ) Կիրակի 8 Յունուարին հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին քաղաքական եւ ազգային շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Տիրամօր նուիրուած մատրան մեծաւորը՝ Հ. Խալիլ Ալուան, նախկին նախարարներ՝ Էլիաս Սապա, Ժոզէֆ Հաշեմ, Սլէյման Թրապուլսի, Քերիմ Բագրատունի, Նաժի Պուսթանի, Ժորժ Քորմ, Եաագուպ Սարրաֆ, Էլիաս Հաննա եւ Ժաք Չուխատարեան, ինչպէս նաեւ այլ նախկին երեսփոխաններ։
Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, շեշտուեցաւ կողմնակալութենէ զերծ լիբանանեան ազգային ծրագիր մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը կարդաց Ապտալլա Ֆարհաթ, որ յայտնեց, թէ նկատի ունենալով շրջանը հարուածող փոթորիկը եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու գոյութեան վերաբերող մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին մտահոգութիւնները, Հարիսայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին մասնակցող անձնաւորութիւնները կարեւոր նկատեցին Լիբանանի ապագային վերաբերող ազգային անկախ ծրագիրի մը մշակումը:
Ֆարհաթ յայտնեց, որ հանդիպումը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ 20 յունուարին:








All the contents on this site are copyrighted ©.