2012-01-09 13:43:02

Սրբազան Հայրը Ունկնդրութիւն Շնորհեց Սուրբ Աթոռի Մօտ Հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնի Անդամներուն։


Երկուշաբթի 9 յունուար 2012, առաւօտեան ժամը 11ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն, որոնց (ինչպէս ամէն տարի) յայտնեց Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի իր մաղթանքները։
Նշենք որ Սուրբ Աթոռը դիւանագիտական կապեր հաստատած է աշխարհի 178 երկիրներուն հետ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանը որ այս տարի, 23 մայիս 2012ին պիտի տօնէ սոյն դիւանագիտական կապերու 20- ամեակը։
Սուրբ Աթոռը կապեր հաստատած է նաեւ Եւրոմիութեան հետ ու այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ ինչպէս ՄԱԿ-ը ու անոր մասնաճիւղերը։

Սրբազան Քահանայապետի հետ հանդիպումը սկիզբ առաւ Դիւանագիտական Մարմնի աւագ երեց` Հոնտուրասի դեսպանի Ալէխանտրօ Վալլատարէս Լանծայի ու անոր փոխանորդ Մոնաքոյի Իշխանապետութեան դեսպան Տիար Ժան Գլոտ Միշելի ողջոյնի խօսքերով, որոնցմէ ետք Նորին Սրբութիւնը Ճառ մը արտասանեց,յորում նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած ողջոյնի սիրալիր խօսքերուն համար ու ապա անցած տօներու առիթով ՝ Դիւանագիտական Մարմնոյն ներկայացուց իր բարեմաղթութիւնները։

<<Ձեր այսօրուայ ներկայութիւնը կը յիշեցնէ եկեղեցւոյ տուած կարեւոր օժանդակութիւնը ձեր ընկերութիւններուն ըլլայ դաստիարակաչական,ըլլայ առողջապահական եւ ըլլայ զօրակցութեան մարզերու մէջ (ըսաւ Սրբազան Հայրը) մատնանշելով թէ վերջերս Սուրբ Աթոռը ամրապնդեց նաեւ իր երակարամեայ կապերը Գաղթականութեան Միջազգային Կազմակերպութեան հետ, դառնալով այս Կազմակփրպութեան մնայուն անդամը։
Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ անցեալ տարուայ զանազան երկիրներու պետերու ու ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ երջանկայիշատակ ՅՊԲ.ի երանացման արարողութեան ու Սրբազան Քահանայապետի քահանայութեան 60 ամեակի Յոբելեանին տօնակատարութիւններու առթիւ անոնց մասնակցութեան։ Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ Լատին Ամերիկայի երկիրներու անկախութեան 200 ամեակի տօնախմբութիւններու մասին, ու անցեալ 12 դեկտեմբերի այս առիթով ` Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ գլխաւորած Սուրբ Արարողութեան ու յառաջիկայ Մարտ ամսոյն Մէսսիքօ եւ Գուպա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին։
Սրբազան Հայրը ապա նշեց որ այս հանդիպումը ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ ծննդեան տօներու աւարտին որ կը նշեն Փրկչին Գալուստը աշխարհ։ Ան եկաւ գիշերուայ մթութեան մէջ, ու անոր ներկայութիւնը անմիջապէս լուսաւորութեան ու ուրախութեան աղբիւր դարձաւ (յարեց սրբազան հայրը) մատնանշելով ներկայ ժամանակաշրջանի տնտեսական,քաղաքական ու ընկերային դժուար ճգնաժամը ։ Եւ այս ուղղութեամբ նշեց թէ այս անորոշութեան հետեւանքները ոչ միայն կը հարուածեն տնտեսապէս յառաջացած երկիրները այլ նաեւ ընտանեկան կառոյցը ու նա մանաւանդ երիտասարդները որոնք խառնաշփոթութեան ու յուսախաբութեան կը մատնուին։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի եւ Յիւսիսային Ափրիկէի իրողութիւններուն, ուր աղքատութիւնը եւ անգործութիւնը երիտասարդներուն ձգտումներուն կու տայ ապագայի անորոշ հեռանկար մը։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ Պաղեստինի եւ Իսրայելի միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը ու երկկողմանի իրաւունքներու յարգանքը։ Հուսկ յիշեց այս տարուայ Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ առթիւ հրատարակած իր պատգամը <<երիտասարդները դաստիարակել արդարութեան եւ խաղաղութեան>> վերնագրով,հաստատելով թէ դաստիարակութեան առաջին վայրը ՝՝Ընտանեկան Օճախն է՝՝ ու այս ուղղութեամբ յանձնարարեց Պետութիւններուն՝ ընտանիքի ու անոր բարգաւաճման ի նպաստ օրէնսդրութիւններ գործադրելու։ Սրբազան Քահանայապետը իր ճառին մէջ կոչ ուղղեց նաեւ <<Կրօնի Ազատութեան>> նշելով որ յաճախ ու շատ մը երկիրներու մէջ այս ազատութիւնը սահմանափակ է, եթէ ոչ ամբողջովին ոտնակոխուծ։ Երկարաշունջ ճառի վերջին մասը Նորին Սրբութիւնը ուզեց նուիրել Ճաբոնի ֆուքուշիմայի մէջ տեղի ունեցած բնապահպանական աղէտին, հրաւիրելով Պետութիւնները պատասխանատութեամբ գործելու ու այս ուղղութեամբ ապահովական լուծումներ գտնելու։

Եզրափակելով իր ճառը Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ ՝՝Խաղաղութեան Իշխանի ծնունդը մեզի կը սորվեցնէ թէ կեանքը ոջնջութեան մէջ չի լրանար եւ թէ անոր ճակատագիրը անմահութիւնն է։ Քրիստոս աշխարհ եկաւ որպէսզի մարդիկ կեանք ունենան եւ զայն ունենան առատօրէն ։ Միայն երբ ապագան որոշակի է որպէս դրական իրականութիւն կարելի կ՛ըլլայ լիութեամբ ապրիլ ներկան։ Զօրացած հաւատքի ապահովութեմաբ Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ իր նապաստը բերել միջազգային հանրութեան Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի հասկացողութեան համաձայն, որ այս տարի կը նշէ իր 50- ամեակը։ Անոր հոգիով ձեզ բոլորիդ, ձեր ընտանեկան պարագաներուն ու ձեր անձնակազմին կը նորոգեմ իմ լաւագոյն բարեմաղթանքները՝ Շնորհաւոր Նոր Տարուայ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.