2012-01-09 13:44:14

Ղպտի Օրթոտոքսներու Պատրիարք Շնուտա Գ.ի Կոչը՝ Եգիպտոսի Ժողովուրդին Միութեան։


Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնին օրը Շնուտա Գ. պատրիարքը հանդիսաւոր պատարագ մատուցած է Գահիրէի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ եւ որուն մասնակցած են իսլամ կրօնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Իր արտասանած քարոզին մէջ, պատրիարքը ըսաւ. ՜՜ այս աթոռանիստ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ եկեղեցին լեցուն է Եգիպտոսի մէջ ապրող մահմետականներէ։ Անոնք միասին համաձայնած են մեր մէջ գտնուիլ երկրին կայունութեան սիրոյն։ Անոնք կ'ուզեն աշխատիլ երկրին բարիքին համար. ղպտիներու հետ ձեռք ձեռքի տուած՝ անոնք կ'ուզեն Եգիպտոսի բարգաւաճումը ու խաղաղութիւնը։ Նշենք որ Եգիպտոսի յեղափոխութենէն ետք, ծայրայեղ մահմետականները ամէն տեսակ հալածանք յարուցին քրիստոնեաներուն դէմ եւ նոյնիսկ՝ յանդգնեցան այրել եկեղեցիները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.