9 Յունուար՝ 20-րդ Դարի Մեծ Հայ Բեմադրիչ Սերգէյ Փարաճանովի Ծննդեան Օրն է։
Այսօր,9 Յունուար 20րդ դարու յայտնի հայ բեմադրիչ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ,
Սերգէյ Փարաճանովի (Սարգիս Յովսէփի Փարաճանեան) ծննդեան օրն է: Փարաճանով ծնած է Թիֆլիսի
մէջ: Աւարտելով Մոսկուայի շարժանկարչութեան պետական ուսումնարանը, նկարահանած է շարք
մը շարժանկարներ, սակայն անոր միջազգային ճանաչում բերած է՝ 1964ի Ուքրանիոյ մէջ նկարահանած
«մոռցուած նախնիներու ստուերները» շարժանկարը: Փարաճանովի գլուխգործոցը կարելի է համարել
«Նռան Գոյն»ը (1968), որ կը պատմէ թիֆլիսահայ աշուղ Սայաթ-Նովայի կեանքին մասին: Յետագային,
բանտարկութենէն ետք, երկար տարիներ խորհրդային իշխանութիւնները Փարաճանովին արգիլեցին
շարժանկարներ նկարահանել, սակայն 1984ին անոր թուլատրեցին նկարել «Սուրամի ամրոցի լեգենդը»
իսկ 1988ին «Աշուղ Ղարիպ» շարժանկարները: Չափազանց մեծ է հռչակաւոր բեմադրիչի աւանդը
հայկական շարժանկարչութեան մէջ: Թէեւ, Փարաճանով արժանացած է տարբեր մրցանակներու,ինչպէս
Մար Տել Փլադայի, Ռոթըրտամի, Թեսալոնիկէի, Սան Փաուլոյի միջազգային շարժանկարներու փառատօներուն,
այնուամենայնիւ, բազմաթիւ մասնագէտներու հաւաստիացումով` ան իր կենդանութեան բաւարարաչափ
չէ գնահատուած: Բազմաթիւ շարժանկարի հանդէսներու հրատարակած տուեալներու համաձայն`
Փարաճանով ճանչցուած է 20րդ դարու 50 մեծ բեմադրիչներէն մէկը: Փարաճանով մահացած
է քաղցկեղէն` 1990ի Յուլիսին, Երեւանի մէջ: