2012-01-09 14:08:56

2003-էն Ի Վեր 10 Հազար Քրիստոնեայ Հայեր Հեռացած Են Իրաքէն։


Իրաքի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հ. Մասիս Շահինեանի յայտարարութեամբ՝ 2003էն ասդին` ամերիկեան զինւորական ուժերու Իրաք խուժումէն ետք, աւելի քան 10 հազար իրաքահպատակ հայ քրիստոնեաներ թողած ու հեռացած են երկրէն։
Հայր Մասիս Սուրբ Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, յայտնած է իր մտավախութիւնը, որ անչափահաս անձինք երկրի իշխանութեան գլուխը անցին, որու հետեւանքով բացասական արձագանքներ արձանագրուին փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։ Նշենք որ հայերը Իրաքի մէջ ընդհանրապէս իրենց բնակութիւնը հաստատած են Պաղտատ, Նինուէ, Գիրգուք, Պասսորա եւ Տուհուգ քաղաքներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.