2012-01-07 12:05:18

Վատիկան։
Գերապատիւ՝ Հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեանի Վկայութիւնը, 6 Յունուար 2012-ին՝ Վատիկանի Մէջ Տեղի Ունեցած Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան Առիթով։


Ուրբաթ 6 յունուար 2012-ին՝ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 9.30-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին եպիսկոպոս ձեռնադրեց Իրլանտայի մօտ առաքելական նուիրակ՝ գերապայծառ Շարլ Ճոն Արք. Պրաունը, եւ գերապայծառ Մարէք Արք. Սոլչինսքին, որ վերջերս անուանուեցաւ Հայաստանի ու Վրաստանի Պապական Նուիրակ։
Վերոյիշեալ արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ գերապատիւ Հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեանը որ կը ներկայացներ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքը Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոսը որ հեռաձայնային կապով մեզի հաղորդեց իր տպաւորութիւնները։

Նշենք որ Գերապայծառ Սոլչինսքի ծնած է Վարսավիա 7 ապրիլ 1961-ին։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 28 մայիս 1987-ին. եւ եպիսկոպոսական անուանումը ստացած՝ 26 նոյեմբեր 2011ին։
RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.