2012-01-07 12:06:08

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի Առթիւ՝Ճանչնանք Սոյն Ձայնասփիւռի Յայտագիրները։
Ռատիօ Վատիկանի Ռումանական Յայտագրի Հաղորդումները։


Laudetur Iesus Christus! Անուն Յիսուսի Փառաւորեալ Եղիցի - ։ Լատիներէն եւ Ռումաներէն այս անշփոթելի ողջոյնը կ՛արտայայտէ Սրբազան Քահանայապետի Ռատիոյի իքնութիւնն ու կէտնպատակը որ 65 տարիներէ ի վեր Ռումաներէն լեզուով եւս կը սփռէ իր հաղորդումները։

Արդարեւ Ռումաներէն լեզուով առաջին հաղորդումը, սփռուեցաւ 1947-ի մարտին երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ Սրբազան Քահանայապետին Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին առթիւ յղած պատգամին թարգմանութեամբ։
1948-ի յունուարէն սկսեալ Ռումաներէն լեզուով սփռումները դարձան շաբաթօրեայ եւ նոյն տարուոյն աւարտին՝ վերածուեցան շաբաթական երկու սփռումներու։
Ճիշդ այն ժամանակաշրջանը որուն ընթացքին համայնավար վարչաձեւի հալածանքի ալիքները խուժեցին Ռումանիոյ եկեղեցւոյ վրայ, որ լռութեան եկեղեցւոյ կարգավիճակ ստացան այնպէս ինչպէս էր վիճակը Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ։

Պուխարեսթի Մետրոպոլիտ արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Եոհան Րոպու` ռատիվատիկանի 80 ամեակին առթիւ հրատարակած իր մէկ յօդուածին մէջ գրեց.

՜՜Երբ 50ական թուականներուն Պուխարեսթի Առաքելական նուիրակութիւնը համայնավար վարչաձեւի կամքով ստիպուեցաւ փակել իր դռները, Սուրբ Աթոռի հետ հաղորդակցութիւնը անկարելի պիտի ըլլար եթէ Վատիկանի ձայնասփիւռը գոյութիւն չունենար։ Քահանայապետին Ռատիօն մեծ նպաստ բերաւ յատկապէս Կաթողիկէ-Յոյն եկեղեցւոյ, որ այդ դաժան օրերուն ամենածանր հալածանքներու ենթարկուած էր։ Ռատիովատիկանը եղաւ անոր մխիթարիչ, քաջալերիչ, եւ խրատող ձայնը։
Կանոնաւոր լուրերու սփռումներէն անդին, Վատիկանի Ռատիոն` ամէն կիրակի կը սփռէր ու տակաւին այսօր կը սփռէ` Ռումանական Բիւզանդական ձեւով պատարագը, ապահովելով` եկեղեցազուրկ եւ քահանայազուրկ հաւատացեալներուն իրենց կիրակնօրեայ հոգեւոր սնունդը։
Գերապայծառ Րոպու, ապա աւելցուց որ Ռատիովատիկանը Լատին եկեղեցւոյ համար ալ հանդիսացաւ ՜՜ճշմարիտ տեղեկատուութեան միակ աղբիւրը՝՝ յստակ կերպով կատարելով իր հիմնական նպատակը որ է՝ կապ հանդիսանալ ընդմէջ կաթողիկէութեան կեդրոն Հռոմին եւ այլ երկիրներու եկեղեցիներու միջեւ, յատկապէս Ռոմանիոյ իրավիճակի մէջ ապրող եկեղեցիներուն։
1989էն ասդին ժամանակները փոխուած են եւ բազմաթիւ են կաթողիկէ աշխարհի մասին տեղեկութիւններ ստանալու կարելիութիւնները ։ Հռոմի ու Սրբազան Քահանայապետի հետ մեր կապը երաշխաւորուած չէ միայն Ռատիովատիկանի միջոցաւ, թէեւ անոր սփռումները, Ռումաներէն լեզուով` կը շարունակեն մեզի հացնել կաթողիկէութեան կեդրոն՝ Հռոմի ու Տիեզերական եկեղեցւոյ ամէնօրեայ կեանքի իրողութիւնը։

Այժմ Ռատիովատիկանի Ռումանական յայտագիրը ունի 20 վայրկեան տեւողութեամբ ամէնօրեայ սփռումներ որոնք կը կրկնուին երկրորդ օրը՝ առաւօտուն։ Ռումանական յայտագիրի մարտահրաւէրներէն մին է. ՜՜ կապ հաստատել երկրի միւս ռատիոկայաններու հետ ու անոնց միջոցաւ սփռել Սրբազան Քահանայապետին ու եկեղեցւոյ պատգամները՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.