2012-01-05 12:32:35

Սուրբ Ծնունդի Առիթով Համերգ՝ Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ։


Կազմակերպութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանին եւ մասնակցութեամբ “Կարին” աւանդական երգի-պարի խումբին՝ Յունուար 6ի երեկոյեան՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պիտի կայանայ Սուրբ Ծննդեան նուիրուած տօնակատարութիւնը, որ պիտի անցնի միայն ազգային երգերու եւ պարերու ներքոյ: Տօնակատարութիւնը պիտի վարէ «Կարին» խումբի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեան: Համերգին պիտի մասնակցին նաեւ Արսէն Գրիգորեան, Աննա Խաչատրեան, Լէյլա Սարիբէկեան, Դաւիթ Ամալեան, Մկրտիչ Մկրտչեան, Սահակ Սահակեան եւ այլ երգիչ-երգչուհիներ ու պարախումբեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.