2012-01-05 12:03:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ուրբաթ 6 յունուար 2012-ին՝ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 9.30-ին կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Իրլանտայի մօտ առաքելական նուիրակ՝ Իտալիոյ Աքուիլէա թեմի վիճակաւոր՝ գերապայծառ Շարլ Ճոն Արք. Պրաունը, եւ Մորիթանիայի վիճակաւորը՝ գերապայծառ Մարէք Արք. Սոլչինսքին, որ վերջերս անուանուեցաւ Հայաստանի ու Վրաստանի Պապական Նուիրակ։
Յետ Սուրբ արարողութեան, Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի պատշգամէն կ՛արտասանէ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.