2012-01-05 12:13:16

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը Յիսուսի Ծննդեան եւ Յայտնութեան Տօնին Առթիւ։


՜՜ Դառնանք Ճշմարիտ Լոյսին՝՝
Վեհափառը իր պատգամը կը սկսի ըսելով. ՜՜Բազմաթիւ ու բազմազան լոյսերով ողողուած ներկայ աշխարհին մէջ դա՜րձեալ կը հնչէ ձայնը ճշմարիտ Լոյսին՝ "Ե՜ս եմ աշխարհի լոյսը" (Յովհ. 8, 12: Այսպէ՜ս բնորոշեց իր ինքնութիւնը Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդին: Այսպէ՜ս բնութագրեց իր երկրաւոր առաքելութիւնը Բեթղեհէմի մէջ մարդեղացած երկնային ու յաւիտենական Բանը: Լոյսը Աստուծոյ յայտնութեան ամենէն էական տարրերէն մէկն է: Տիեզերքը բաղկացնող կենսական գոյութիւններու շարքին Աստուած կը ստեղծէ նաեւ լոյսը (Ծննդ. 1, 3): Լոյսին ներկայութիւնը Աստուծոյ ներկայութիւնն է. լոյսին բացակայութիւնը՝ մեղքին, չարին ու մահուան ներկայութիւնը: Ահա թէ ինչու մարգարէները Աստուծոյ լոյսին տարածիչ ըլլալու իր աստուածատուր առաքելութեան դաւաճանած Եբրայեցի ժողովուրդին կու գան զգուշացնելու՝ թէ հեռու Աստուծմէ մարդ խաւարի ու մահուան տիրապետութեան ենթակայ է:
Հին Կտակարանը, Աստուծոյ յայտնութեան ծիրէն ներս, աստուածային կենարար լոյսին պարգեւն է տրուած մարդուն ու միաժամանակ լոյսէն հեռացած մարդուն սպասումը ճշմարիտ լոյսին: Նոր Կտակարանը՝ աստուածային փրկարար լոյսին դարձած մարդուն պայքարն է լոյսը նուաճել փորձող խաւարին դէմ: Ընդհանրապէս Աւետարաններու ու յատկապէս Յովհաննու Աւետարանի գլխաւոր թեմաներէն մէկն է լոյսը: Ան կը բացայայտէ Աստուծոյ էութիւնը ու գործը եւ հոմանիշ է սիրոյ, բարութեան, նախախնամութեան, փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի: Հետեւաբար, լոյս եւ խաւար չեն կրնար գոյակցիլ՝ նոյնիսկ առաջինին յաղթանակով: Լոյսը գոյաւորուած է Աստուծոյ կողմէ. խաւարը գոյութիւն չէ, այլ՝ լոյսին բացակայութիւնը, անոր մերժումը: Այս ճշմարտութիւնը վերահաստատելու համար աշխարհ եկաւ Աստուծոյ Որդին: Ան իր կեանքով ու առաքելութեամբ, խաչով ու յարութեամբ խաւարով պատուած մարդկային կեանքը աստուածային լոյսով պայծառակերպեց ու կոչ ուղղեց մարդոց հետեւելու ճշմարիտ Լոյսին՝ որպէս "լոյսի որդիներ" (Յով. 12, 36): Երկնային լոյսին երկիր էջքով մարդկային կեանքը նոր ընթացք, նոր իմաստ ու նպատակ ստացաւ: Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ Բեթղեհէմէն աշխարհին ծագած երկնային լոյսով թրծել մեր կեանքը, այդ լոյսով լուսաւորել մեր կեանքի ճամբան: Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ լոյսի որդիներ ըլլալ ու միաժամանակ լո՜յսը դառնալ աշխարհին: Չմոռնանք Քրիստոսին խօսքը՝ "դո՜ւք էք աշխարհի լոյսը… ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկնքի մէջ է" (Մատթ. 5, 16):
Լոյսը յաւիտենական ճշմարտութիւն է, աստուածային սիրոյ կրակն է, երկնային փրկութիւն է, յաւիտենական կեանք է, Լոյսը Աստուած ի՜նքն է, որ երկինքէն երկիր իջաւ իր ձեռագործը՝ մարդը վերադարձնելու իր աստուածաստեղծ էութեան ու աստուածատուր կոչումին:
Բեթղեհէմը ճշմարիտ լոյսին ծնունդն է. ան յաւիտենական լոյսին յաղթանակն է խաւարին դէմ: Բեթղեհէմի ճամբով լոյսին մօտենալու պատի՜ւը տրուեցաւ մարդուն, որ հեռացած էր լոյսի աղբիւրէն՝ Աստուծմէ: Խաւար աշխարհին մէջ Բեթղեհէմը դարձաւ մարդը դէպի ճշմարիտ ու յաւիտենական լոյս առաջնորդող միակ ճամբան: Այս ճամբէն առաջին քալող ժողովուրդը եղաւ հայ ժողովուրդը եւ հաւատարիմ մնաց նոյնիսկ արեա՜ն վկայութեամբ: Պատմութեան պարտադրած բոլոր տեսակի խաւարներուն դէմ պայքարեցանք Բեթղեհէմի լոյսով: Բեթղեհէմի լոյսով կերտեցինք մեր ժողովուրդի յարութիւնը ու հունաւորեցինք մեր անմահութեան ճամբան:
Այսօր որքանո՞վ մօտ ենք Բեթղեհէմի լոյսին ու հաւատարիմ անոր հրամայականին, հարց կու տայ վեհափառը եւ կ՝ըսէ. ՜՜Առանց Բեթղեհէմէն ճառագայթող լոյսին խաւա՜ր է մեր կեանքը,ըլլանք միշտ Քրիստոսի լոյսին փայլուն ճառագայթը, դառնանք Քրիստոսի լոյսին հաւատարիմ հետեւորդը ու յանձնառու առաքեալը դառնանք՝ ճշմարիտ լոյսին այնքա՜ն ծարաւ աշխարհին դիմաց:
Վեհափառը ողջունելով հաւատացեալները Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ կու տայ բոլոր հաւատացեալներուն իր Հայրապետական օրհնութիւնը նաեւ կ’ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանը, եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ եկեղեցաշէն իրագործումներով լեցուն երկար գահակալութիւն: Նաեւ Հայրական սիրով կ’ողջունէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր խնամքին ենթակայ թեմերուն Առաջնորդ Սրբազանները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութիւնները, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կառոյցները եւ հայ ժողովուրդին զաւակները:
՜՜Թող Աստուած միշտ պայծառ պահէ մեր սուրբ եկեղեցին եւ իր երկնային լոյսով շաղախէ կեանքի օրերը մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի՝՝ այսպէս կ՝եզրափակէ վեհափառը իր ուղերձը Յիսուսի Ծննդեան ու աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.