2012-01-05 12:13:07

Աստուածայայտնութեան Տօնը ։


Այսօր Հինգշաբթի 5 Յունուար 2012, աստուածայայտնութեան տօնին Ճրագալոյցն է ։
Իսկ վաղը Ուրբաթ 6 Յունուարին, տօնն է Աստուածայայտնութեան, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` կու գան Յիսուս Մանուկը տեսնելու, անոր երկրպագութիւն մատուցանելու եւ իրենց նուէրները տալու, մին ոսկի, երկրորդը` խունկ եւ երրորդը` զմուռս, որով մեռեալներու մարմինը կը զմռսէին։
Աստուածայայտնութիւնը ըստ հայ ծէսին, մեր հինգ մեծ տօներէն մին է, որ կը կոչուի նաեւ Տաղաւար։
Յայտնութեան տօնին օրը` սովորութիւն կայ հայկական եկեղեցիներուն մէջ, կատարելու նաեւ՝ ՜՜Ջրօրհնէքի՝՝ արարողութիւն եւ ապա ՜՜Մկրտութիւն Քրիստոսի՝՝ Սուրբ Խաչը դնելով միւռոնով օրհնուած ջուրին մէջ. այդ օրը ժողովուրդի մէջէն ընտրուած փոքրիկ մը կը ներկայացնէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։
Այս առթիւ՝ կը յիշեցնենք Հռոմաբնակ մեր ունկնդիրներուն՝ որ Հռոմի Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, Աստուածայայտնութեան տօնի Ս Պատարագը սկիզբ պիտի առնէ ժամը 10.30-ին. որմէ ետք ալ (ըստ աւանդութեան) պիտի կատարուի Ջրօրհնէքի եւ Յիսուսի Մկրտութեան յիշատակութիւնը։
Ապա ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի կազմակերպութեամբ՝ Լեւոնեան վարժարանի ճաշասրահը տեղի պիտի ունենայ ՜՜ընտանեկան ակաբը՝՝։
Շաբաթ 7 Յունուարի ըստ հայկական սովորութեան` մեռելոց օր է եւ յիշատակութիւն կը կատարուի բոլոր ննջեցեալներուն։ Կարգ մը երկիրներու մէջ` հայ վարդապետները կը կատարեն նաեւ գերեզմանօրհնէք եւ այդ օրը բոլորովին կը նուիրուի համայն հանգուցեալ հոգիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.