2012-01-04 13:02:20

Սրբուհի Ժան Տարգի Ծննդեան 600 Ամեակը


Յառաջիկայ 6 յունուրին, ֆրանսայի մէջ սկիզբ կ՛առնեն Սրբուհի Ժան Տարգի ծննդեան 600 ամեակի տօնախմբութիւնները, որոնց գագաթնակէտը տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ 13 մայիսին, Փարիզի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Վէնթրուայի գլխաւորութեամբ` Տոմրէմիի մայր տաճարին մէջ նախատեսուած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ ։
Սրբուհի Ժան Տարգ ծնած էր 6 յունուար 1412-ին՝ Տոմրէմիի մէջ, ան հանդիսացած է որպէս ֆրանսայի ազգային հերոս։ ֆրանսայի միութիւնը կարելի դարձաւ շնորհիւ Սրբուհի Ժան Տարգի քաջարի գործութիւններուն, որ 100 տարուայ պատերազմի ընթացքին անգլիացիներու դէմ, յաղթական կերպով մարտնչեցաւ։ 1431-ին Պորկոնիոնները զինք կը ձերբակալեն ու կը ծախեն անգլիացիներուն, որոնք զինք կը դատապարտեն որպէս հերետիկոս եւ ողջակիզումի կ՛ենթարկեն զինք։ 1456-ին՝ Գալլիսթօ Գ. Պապը այդ դատապարտութիւնը անվաւեր կը հրչակէ։ 1909-ին՝ Պիոս Ժ. քահանայապետը զինք երանելի կը հռչակէ։ Պենետիկտոս ԺԵ. զինք սուրբերու դասին կը բարձրացնէ եւ Սրբուհի Ժան Տարգ կը դառնայ ֆրանսայի պաշտպան սրբուհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.