2012-01-04 13:03:19

Սարքոզի Պաշշար Ասսատին Կոչ Կ՛ուղղէ Իշխանութենէն Հեռանալու։


Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատ պէտք է «իշխանութենէն հեռանայ» եւ «իր ժողովուրդին արտօնէ վճռելու իր ճակատագիրը » աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ գործուած «սպանդները իրապէս անընդունելի են եւ գարշանք» կը պատճառեն:
Սարքոզի յայտնեց, որ «միջազգային ընտանիքը պէտք է դաժան բռնաճնշումները դատապարտելու ճամբով իր պարտաւորութեանց տէր կանգնի»: Ան նաեւ շեշտեց արաբ դէտերու աշխատանքին համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու կարեւորութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահը ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքը «պէտք է խստագոյն պատժամիջոցներու որդեգրման եւ մարդասիրական միջանցքի ապահովման ճամբով իր պատասխանատուութեան տէր կանգնի»` վստահեցնելով, որ «առանց ձգձգելու այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատինք»:
Իսկ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ Սուրիոյ մէջ Արաբական Լիկայի դէտերու առաքելութեան յստակացումը պահանջեց` անոր գործունէութեան նկատմամբ «կասկածներ» յայտնելով: «Ճշմարտութիւնը պէտք է ամբողջութեամբ բացայայտուի, այլապէս վարչակարգը ի վերջոյ պիտի յաջողի գետնի վրայ գտնուող դէտերը ապակողմնորոշել», ընդգծեց Ժիւփէ:
Ժիւփէ նաեւ ցաւ յայտնեց, որ Ռուսիա կը շարունակէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը դատապարտող որոշումի մը որդեգրումը արգելակել: Ան ըսաւ, որ «Ապահովութեան Խորհուրդը չի կրնար (Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց նկատմամբ) լուռ մնալ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.