2012-01-04 13:03:05

Իրաքի Պատերազմի Զոհերու Թիւը Աւելի Քան 150 Հազար։


«Իրաք Պատի Քաունթ» կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի պատերազմի զոհերուն թիւը 2003-2011 տարիներուն 162 հազար է, որոնց 79 առ հարիւրը Իրաքի քաղաքացիներ:
Ըստ ԻՐԱՔ ՊԱՏԻ ՔԱՈՒՆԹ կազմակերպութեան հրապարակած զեկուցումին մէջ նշուած տուեալներուն՝ այս պատերազմին ամէնէն արիւնահեղ տարիները եղած են 2006 եւ 2007 թուականները, երբ զոհերուն թիւը գերազանցած է 25 հազարը, իսկ վերջին տարուան ընթացքին 4063 զոհ արձանագրուած են:
Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու գործողութիւններէն վնասուած են շուրջ 14.705 քաղաքացիներ :
Զեկուցումին մէջ նաեւ նշուած է, որ այս տուեալներուն ճշգրտութիւնը բացարձակ չէ, որովհետեւ մահուան շատ դէպքեր պատշաճ կերպով չեն արձանագրուած:









All the contents on this site are copyrighted ©.