2012-01-04 13:02:47

Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2012-ը Կը Հռչակէՙ ՜՜Հայ Գիրքի Տարի՝՝։


Հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսին առթիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսը հռչակած է 2012 որպէս Հայ Գիրքի Տարի։
Ներկայ մշակութասէր բազմութեան իր հայրապետական պատգամը փոխանցելով, Արամ Ա. Կաթողիկոս վեր առաւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս հայ գիրքին դրական ներկայութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Վեհափառը հայ գիրքին իսկական տեղը նկատեց հայ ընտանիքը, որ ՙկոչուած է պահապանն ու տարածիչը ըլլալու հայ գիրքին՚ ըսաւ ան: Արամ Ա. Կաթողիկոս լայնօրէն անդրադառնալով հայ ընտանիքին առողջ պահպանման, յիշեց թէ այլ առիթներով բազմիցս շեշտած է անոր կարեւորութիւնը մեր ազգի գոյատեւման իմաստով: Այսօր, սակայն, նշեց թէ հայ ընտանիքը եւս ունի կարեւոր դերակատարութիւնը հայ գիրքին նկատմամբ: Ան ըսաւ ՙհայ գիրքին տեղը հայ ընտանիքն է:
Կարեւոր երեւոյթներէն մէկն ալ զոր Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին ճամբով շեշտեց, հայ տուներէն ներս գրադարան ունենալու երեւոյթն է: Ան մաղթեց որ ամէն տուն ունենայ իր գրադարանը, եւ նոյնիսկ երբ հայերէնի իմացումը կը գտնուի տկար աստիճանի վրայ ՙհայ գիրքը տեսնելով կշտանան անոնք՚ ըսաւ Վեհափառը:
Ի վերջոյ, Արամ Ա. Կաթողիկոս նշելով թէ Եունեսքօն որոշած է 2012-ին հայ գիրքի քաղաք կոչել Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը, ըսաւ թէ Հայրապետական Գիրով 2012 տարին կը հռչակէ ՙՀայ Գիրքի Տարի:
Իր պատգամի աւարտին, Հայրապետը բացուած յայտարարեց Հայ Գիրքի համասփիւռքեան ցուցահանդէսը: Ապա, ներկայ մշակութասէր բազմութիւնը մօտեցաւ հին թէ նոր հրատարակութիւններուն, որոնք սփիւռքի զանազան Թեմերու մէջ հրատարակուած հատորներ են, ինչպէս նաեւ անհատ հեղինակներու լոյս ընծայած գիրքեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.