2012-01-03 11:59:31

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը.
՜՜Դաստիարակութիւն Եւ Խաղաղութիւն՝՝


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը՝ հայր ֆետերիքօ լոմպարտի, իր այս շաբթուայ խմբագրականը կը նուիրէ Սրբազան Քահանայապետի խաղաղութեան համաշխարհային 45րդ օրուայ առթիւ յղած պատգամին։

Երիտասարդները դաստիարակել արդարութեան եւ խաղաղութեան։
Այս է Սրբազան Քահանայապետին պատգամը յունաուր 1-ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։
Թէեւ պատգամը չունեցաւ իրեն վերապահուած արձագանքը, սակայն, իրականութեան մէջ, եթէ երիտասարդները չդաստիարակուին խաղաղութեան, վաղուայ խաղաղութիւնը գոյութիւն չի կրնար ունենալ։

Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի յեղաշրջումներու կապակցութեամբ՝ կամ արեւմտեան երկիրներու ինտինիատոսներու շարժումը, որ տարածուեցաւ Սպանիայէն Մեծն Պրիտանիա եւ Միացեալ Նահագներ, յաճախ ուշադրութիւն դրած է երիտասարդներու վրայ, անոնց մտահոգութիւններուն, ակնկալինքներուն եւ այս ամէնը հաղորդելու եւ արտայայտելու ձեւերուն
Ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոնց արդիւնքը, կարճ ժամանակի համար լրատուամիջոցներու առաջին էջերը գրաւելէ անդին։ Անիկա մեծ մասամբ կախում ունի կրթութենէն, ապա թէ ոչ անխուսափելիօրէն այսօրուայ հոգեընկճումները կը դառնան վաղուայ եւ միւս օրուայ հոգեընկճումներ։

Հայր Լոմպարտի ապա իր խմբագրականին մէջ կը մէջբերէ սրբազան քահանայապետին կրթութեան վերաբերող խօսքը։<<կրթութիւնը կեանքի ամենադժուար եւ հետաքրքրական արկածախնդրութիւնն է>> ու կը հաստատէ թէ՝ սրբազան քահանայապետը չ՝ուզեր պարզապէս քաջալերել կամ ալ վեր առնել երիտասարդներու դերը։ Ան իր պատգամին մէջ կը մատնանշէ թէ երիտասարդներու դերը կախում ունի դաստիարակներու պատասխանատու վերաբերմունքէն, եւ դաստիարակները միայն ուսուցիչները կամ ծնողները չեն, այլ նաեւ քաղաքական մարդիկը եւ լրատուական գոծիչներն են։
Ամէն անոնք որոնք կարելիութիւն ունին ապահովելու կողմնորոշման արժէք մը, որոնց վրայ կարելի է հիմնել աւելի արդար ու խաղաղ հասարակութիւն մը, դիւրացնելով մշակութային աճումի քայլերը եւ հասարակական կեանքի մէջ ներգրաւումը որ կը տանին դէպի այս նպատակը։
Եթէ այս արժէքները քանդուին յարաբերականութենէն եւ կամայական ազատութեան յառաջացումէն, եթէ չառաջարկուին ազնուութեան, նուիրումի, զօրակցութեան ու սիրոյ օրինակներ, ապագային՝ ոչ արդարութիւն եւ ոչ ալ խաղաղութիւնը կարելի կ՝ըլլայ հաստատել։
Եթէ կ՛ուզենք որ վաղուայ աշխարհի վրայ տիրէ աւելի թեթեւ մթութիւն մը, պարտականութիւնը ունինք դիմագրաւելու այսօրուայ <<կրթութեան մարտահրաւէրը>>








All the contents on this site are copyrighted ©.