2012-01-03 12:05:59

Իրան Յաջողութեամբ Փորձարկա է Հեռահաս Եւ Միջին Հասողութեամբ Հրթիռներ։


Իրանի ծովուժը երէկ յաջողութեամբ փորձարկած է հեռահաս «Քատեր» հրթիռը, որ ստեղծուած է իրանցի մասնագէտներու կողմէ: Հրթիռը յաջողութեամբ հարուածած է իր թիրախն ու ոչնչացուցած զայն (կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը) :
«Քատեր» հականաւային հրթիռը ի զօրու է երկու հարիւր քիլոմեթր հեռաւորութենէն մխրճուիլ թիրախին մէջ: Իրանցիները նաեւ փորձարկեցին հականաւային «Նասըր» եւ ցամաքէ ցամաք «Նուր» հրթիռը:
Կիրակի օր իրանեան ծովուժը Հորմուզի նեղուցին մէջ կատարած իր ռազմափորձերուն ընթացքին փորձարկած էր ցամաք-օդ միջին հասողութեան «Մեհրապ» հրթիռը:
Իրանեան ծովուժի նաւարտորմիղի հրամանատար ծովակալ Մահմուտ Մուսաւի յայտնած էր, որ այդ տիպի հրթիռները համալրուած են նորագոյն ճարտարագիտութեամբ եւ կարողութիւն ունին հարուածելու քիչ տեսանելի եւ խուսանաւող թիրախներ:
Ծովակալը նաեւ նշած էր, որ Իրան առաջին անգամ ըլլալով փորձարկեց հրթիռը, որ ամբողջովին նախագծուած եւ արտադրուած է իրանեան զինուորական արտադրութեան կողմէ: Նշենք, որ 24 դեկտեմբերին սկսած «Վիլայէթ-90» ռազմափորձերուն հիմնական հանգրուանը սկսած էր շաբաթ օր:








All the contents on this site are copyrighted ©.