2012-01-03 12:09:07

՜՜Մանկա-Մեսիա՝՝ Մանկապատանեկան Աւետարանի Շնորհահանդէս։


Հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններուն, երկուշաբթի 2 յունուարի՝ երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի ՜՜Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն՝՝ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հրայր ու Արտա Ճեպեճեաններու նախաձեռնութեամբ եւ պատրաստութեամբ լոյս տեսած «Մանկա- Մեսիա» մանկապատանեկան աւետարանի շնորհահանդէսը: Ներկայ էին Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներն ու ուսուցիչները:
Ողջոյնի խօսք ուղղեց այս առթիւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, դիտել տալով, որ ՜՜Հայ գիրքի տարուան՝՝ բացումը կը կատարուի այս խորհրդանշական շնորհահանդէսով, եւ յոյս յայտնեց՝ որ անիկա կայծ մը հանդիսանայ նման նախաձեռնութիւններու շարունակութեան:

Ապա խօսք առին Արտա եւ Հրայր Ճէպէճեանները, որոնք խօսելէ ետք հատորին կարեւորութեան մասին նշեցին որ կենդանի գծանկարներու ընդմէջէն, խօսակցութիւններու եւ յատկապէս երկխօսութեան ճամբով Աստուածաշունչէն տարբեր պատմութիւններ մատչելի եւ գրաւիչ կերպով հայ մանուկներուն ներկայացնող այս հրատարակութիւնը ցարդ թարգմանուած է 22 լեզուներու, իսկ հայերէն թարգմանութիւնը վերջինն էր: Կոչ ուղղելով մանուկներուն եւ պատանիներուն որ Աստուածաշունչը իրենց անբաժան ընկերը դարձնեն:
Այս առթիւ նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներէն Շահէ Յակոբեան կիթառով երաժշտական քանի մը կտոր նուագեց:
Աւարտին իր խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արտա եւ Հրայր Ճեպեճեաններուն` Աստուածաշունչի տարածման իմաստով իրենց ունեցած ներդրումին համար եւ հաստատեց, որ այս աշխատանքը տարուած է մանուկներուն համար, որովհետեւ բացարձակ իրականութիւն է այն, որ նոր սերունդը շատ կարեւոր է, ապագան կը ներկայացնէ: Առաջնորդ սրբազանը կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները հրաւիրեց շունչ տալու Աստուածաշունչին` զայն ընթերցելով:
Ձեռնարկի աւարտին Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեանները գիրքէն օրինակներ նուիրեցին կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն: «Մանկա-Մեսիա» գիրքէն շուրջ 1600 օրինակ տրամադրուած է Լիբանանի մէջ բաժնուելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.