2012-01-03 12:00:20

2011ին՝ Սպաննուած Են 26 Քահանաներ, Կրօնաւորներ Եւ Հովուապետեր։


Վատիկանի Ֆիտէս միսիոնարական լրատու գործակալութիւնը, անցեալ 30 դեկտեմբերին՝ հրատարակեց իր տարեկան հաշուեյարդարը հայող՝ աշխարհի մէջ կաթողիկէ կղերականներու սպանութեան։
Ըստ տուեալներուն, 2011 տարուայ ընթացքին 26 քահանայ, կրօնաւոր եւ աշխարհականներ սպաննուած են, իրենց առաքելութիւնը կատարելու ընթացքին։
Անոնցմէ 15-ը՝ Լատին ամերիկայի մէջ, որոնց մեծամասնութիւնը քահանաներ են։
18 քահանաներ, 4 կրօնաւորուհիներ եւ 4 աշխարհական կամաւորներ ՜՜ բռնարարքի ենթարկուած ու սպաննուած են՝՝ կը գրէ ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի ֆիտէս լրատու գործակալութիւնը։
2010-ի հաշուեյարդարը կը նշէր 25 սպաննութիւններ, 2009-ինը՝ 37, մինչ 2008-ին իրենց կեանքը զոհած են 20 առաքեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.