2012-01-02 13:20:47

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Փիլիպպեան կղզեխումբի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը 2012 տարին յայտարած է Քահանայապետական Միսիոնարական Գործունէութեան տարի, նշելու համար սոյն կազմակերպութիւններուն երկրի մէջ ներկայութեան ու գործունէութեան 80 ամեակը։ 1932 / 2012։
Աւստրալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի յայտարարութեամբ՝ 2012 -2013 տարեշրջանին պիտի նշուի <<Շնորհքի տարին>> հաւատացեալներու ու կղերին աղօթքներու եւ խորհրդածութիւններու միջոցաւ կառուցելու Աւստրալիոյ եկեղեցւոյ ապագան։
Գուպայի եկեղեցին մեծ պատրաստութիւններ կը տեսնէ ի տես Մարեմեան Յոբելենական տարւոյն որ պիտի նշուի 7 յունուար 2012-էն մինչեւ 5 յունուար 2012, յիշատակելու համար Գուպայի պաշտպան Սրբուհիին` Ողորմութեան Տիրամօր պատկերին յայտնութեան 400 ամեակը։ Գուպայի եպիսկոպոսները այս առթիւ յղած իրենց նամակին մէջ, ուրախութեամբ կը մատնանշեն նաեւ՝ Պենետիկտոս ԺԶ.ի 2012 տարւոյն ընթացքին Գուպա կատարելիք առաքեալական ճամբորդութեան, ան որպէս <<ողորմութեան ու սիրոյ ուխտաւոր>> կու գայ գուպայի հաւատացեալները հաստատելու իրենց հաւատքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.