2012-01-02 13:22:01

Սենեկալը Կը Վերակոչէ Վատիկանի Հետ Դիւանագիտական Կապին Յիսնամեակը։


Սենեկալի առաքելական դեսպանը` գերապայծառ Մոնթեմայօր գոհաբանական պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, ողջունած է Սենեկալի եւ Վատիկանի դիւանագիտական կապերու 50-րդ տարեդարձը, որպէս ընդհարումներու կանխարգիլող եւ խաղաղութիւնը զարգացնող դիւանագիտութիւն մը, ընդգծելով որ երկու երկիներու կապերը միշտ եղած են ամուր։
Մշակոյթներու եւ կրօներու երկխօսութիւնը հանդիսացած է կորիզը երկու պետութիւններու դիւանագիտական կապերուն։ Տաքարի առաջնորդը կարտինալ Թէոտոր Սառ, իր խօսքին մէջ մաղթեց որ այս կապերը միշտ աւելի ամրապնդուին, շնորհակալութիւն յայտնելով՝ որ 50 տարիներու իրարայաջորդ առաքելական դեսպանները, սատարեցին ամրապնդելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայութիւնը Սենեկալին մէջ. ան միաժամանակ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Վատիկանին իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար հանդէպ մեր հայրենիքին։
Յայտնենք որ Սենեկալը եղաւ առաջին ափրիկեան երկիրը որ դիւանագիտական կապեր հաստատած էր Վատիկանի հետ, օրինակ տալով ցամաքամասի բոլոր երկիրներուն։ Արդարեւ ան իր կապերը հաստատած էր 17 նոյեմբեր 1961-ին, երկրին անկախութենէն մէկ տարի յետոյ, նախաձեռնութեամբ՝ նախագահ Լէոբոլ Սենկորի։
Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը 1992ի փետրուարին առաքելական ճամբորդութիւն կատարած էր եւ այդ առթիւ՝ երկրին զանազան քաղաքները այցելած էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.