Պէյրութի Պուրճ Համուտ Քաղաքապետութիւնը Սննդամթերք Կը Տրամադրէ Կարիքաւոր Ընտանիքներուն։
Լիբանան։ Նոր տարուան առիթով Պուրճ Համուտի բնակիչներուն մօտ ուրախութիւն
սերմանելու եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով ի գործ դրած ծրագիրներու շարքին,
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը սննդամթերք տրամադրեց շրջանի կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Այս առթիւ քաղաքապետութեան ոստիկանները այցելեցին տնտեսական ծանր պայմաններու տակ ապրող
պուրճհամուտաբնակ ընտանիքներուն եւ սնտուկներով սննդամթերք տրամադրեցին անոնց` նպատակ
ունենալով առիթ տալ անոնց աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ դիմագրաւելու Նոր տարին: