2012-01-02 13:53:51

Հայաստանի Կառավարութիւնը Ընտանիքի Երրորդ Նորածինին Համար Պիտի Վճարէ 430,000 Դրամ։


Հայաստանի մէջ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստին չափը 2012ին պիտի կազմէ 50 հազար դրամ, իսկ ընտանիքին մէջ ծնած երրորդ, ինչպէս նաեւ յաջորդ իւրաքանչիւր երեխայի համար՝ 430 հազար դրամ: Այս որոշումը ընդունուած է Դեկտեմբեր 29ի կառավարութեան նիստին: Նորածիններուն միանուագ նպաստներ յատկացնելու նպատակով, կառավարութիւնը 2012ին պիտի ծախսէ 4.5 միլիառ դրամ, քանի որ կ՛ենթադրուի, թէ պիտի ծնի 43.8 հազար երեխայ:
Նշենք, որ 2010ին Հայաստանի մէջ ծնած է 44.8 հազար երեխայ: Մինչեւ երկու տարեկան երեխայի խնամքին նպաստը սահմանուած է ամսական 18 հազար դրամ:
Ընտանեկան նպաստ ստացող ընտանիքներու երեխաները առաջին դասարան տանելու միանուագ նպաստը պիտի կազմէ 25 հազար դրամ, իսկ ընտանիքի անդամ կորսնցնելու պարագային՝ 50 հազար դրամ:







All the contents on this site are copyrighted ©.