2012-01-02 13:19:04

Կիրակի Մէկ Յունուար 2012 ի՝ Առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Մատուցեց Նոր Տարուայ Առաջին Պատարագը


2012ի՝ Յունուար մէկին, առաւօտեան ժամը 9.30-ին՝ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր Տաճարին մէջ, Աստուծամօր Սուրբ Տօնին (ըստ լատինաց) եւ Խաղաղութեան համաշխարհային 45րդ օրուայ առթիւ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը մատուցեց 2012 տարւոյն առաջին սուրբ պատարագը, որուն աւարտին իր գրասենաեկի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Սրբազան Քահանայապետը համայն մարդկութեան ներկայացուց իր բարի մաղթանքները զանոնք հրաւիրելով ընկալելու՝ Քրիստոսը, որ է << իսկական խաղաղութիւնը>>։
Իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց որ՝ Մարդկութիւնը կը փնտռէ խաղաղութիւնը եւ կը ձգտի արդարութեան, ու պահանջքն ունի սիրոյ։
Սրբազան Հայրը ցոյց տուաւ որ՝ այս բոլորին հասնելու ճանապարհը՝ ՜՜ աստուածամայրն է՝ Մարիամը, որ իր մէջ ընդունեց ՜՜Յիսուսը՝՝ որ անկէ ծնունդ առնելով լուսաւորեց համայն մարդկութիւնը՝՝։ Մարիամի նման եկեղեցին ալ միջոց մըն է Աստուծոյ օրհնութեան։ Ան կը ստանայ այս օրհնութիւնը ընդունելով Յիսուսը ու զայն կը հաղորդէ աշխարհին տանելով Յիսուսը։
Յիսուս է ողորմութիւնը, խաղաղութիւնը որ աշխարհը ինքնիրեն չի կրնար պարգեւել եւ որուն կարիքը ունի միշտ այնպէս ինչպէս կարիքը ունի ամէնօրեայ հացին։
Սրբազան Քահանայապետը հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքէն առաջ կատարած իր խորհրդածութեան ընթացքին եւս՝ ակնարկեց Խաղաղութեան համաշխարհային 45րդ օրուայ իր պատգամին, ընգծելով որ խաղաղութեան փնտռտուքը կարելի է ապահովել յարատեւութեամբ, համբերութեամբ ու նոր սերունդի դաստիարակութեամբ։ Աշխարհը պէտք ունի իսկական վկաներու եւ ոչ թէ տուեալներ ու դասեր փոխանցողներու։ Պենետիկտոս ԺԶ. անգամ մը եւս շեշտեց երիտասարդներու խաղաղութեան եւ արդարութեան դաստիարակութիւն ապահովելու անհրաժեշտութեան։ <<Երիտասարդները մտահոգութեամբ կը նային ապագային ըսաւ Սրբազան հայրը , կոչ ուղղելով քաղաքական իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք յանձնառումով աշխատին խաղաղութեան ի նպաստ <<թող դադրին` պատերազմները եւ մարդոց միջեւ բաժանումներն ու թշնամութիւնը, ու թող տիրէ հաշտութիւն եւ աշխարհի հարստութիւնը աւելի արդար կերպով բաժնուի>>։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ՜՜Խաղաղութեան Թագուհիին՝՝ յանձնեց բռնութիւններու ենթարկուած մանուկները եւ բոլոր անոնք որոնք կը տառապին պատերազմներու պատճառաւ։
Զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները, Պենետիկտոս ԺԶ. մաղթեց շնորհաւոր նոր տարուայ սկիզբ մը՝ Փրկչին լոյսին ու խաղաղութեան հովանիով, եւ բոլորին տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.