2012-01-02 13:48:55

՜՜Արաբ Դէտերու Յայտարարութիւնները Ցոյց Կու Տան Որ Սուրիոյ Մէջ Կացութիւնը Մտահոգիչ Չէ՝՝


Կը Յայտարարէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը։
Սուրիոյ մէջ տեղակայուած արաբ դէտերուն յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ երկրին մէջ կացութիւնը «մտահոգիչ չէ»` յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցնելով, որ Ռուսիա համարում ունի ՜՜Արաբական լիկայի ուղարկած խմբակին արհեստավարժութեան եւ անկողմնակալութեան նկատմամբ՝՝:
Լոնտոնեան «Հայաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին Ռուս դիւանագէտ մը բացառեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ առնչութեամբ շրջանառութեան մէջ դրուած բանաձեւին շուրջ (այս տարուան աւարտէն առաջ) համաձայնութիւն գոյացնէ` նշելով, որ քննարկումները կը շարունակուին, սակայն ռուսական բանաձեւին եւ անոր բարեփոխման արեւմտեան առաջարկներուն շուրջ կեցուածքները ՜՜տակաւին նոյնն են՝՝:
Միւս կողմէ, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զինեալներ Տէր Զօրի Ռաուտա մզկիթին առջեւ ական մը պայթեցուցած են, իսկ սուրիական ընդդիմադիր Տեղական համակարգումի յանձնախումբերը հաղորդեցին, որ պայթում մը ցնցած է Համայի Քուսուր թաղամասի շրջանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.