2011-12-31 08:12:18

Շաբաթ 31 Դեկտեմբեր 2011։ Տօն Սուրբ Սեղբեսդրոս Քահանայապետին։


Շաբաթ 31 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 17.30 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ, Սրբուհի Մարիամ Աստուածածնայ տօնին առթիւ, կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը որուն աւարտին տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան ջեռմերանդութիւնը ու Te Deum գոհաբանական աղօթքը։Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակը ու հոն զետեղուած մսուրին առջեւ կ՛աղօթէ։
Գիշերուայ ժամը 11.30-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ մսուրին առջեւ տեղի պիտի ունենայ աղօթքի հսկում, ընտանիքներու եւ ազգերու միջեւ միութեան ու խաղաղութեան համար։Արարողութիւնը կազմակերպուած է <<ընտանիքի սէր>> եկեղեցական շարժումի նախաձեռնութեամբ որուն բացումը կը կատարէ Վատիկան Պետութեան երբեմնի նախագահը՝ Կարտինալ Ճովաննի Լայոլոն։ Հսկումը կը տեւէ մինչեւ առաւօտեան ժամը 7-ն։








All the contents on this site are copyrighted ©.