2011-12-31 12:06:13

Կիրակի 1 Յունուար 2012։ Շնորհաւոր Նոր Տարի Բոլորիդ։

Կիրակի 1 Յունուար 2012 ին Կը Նշուի Խաղաղութեան 45-րդ Համաշխարհային Oրը։


Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը << երիտասարդները դաստիարակել արդարութեան ու խաղաղութեան>> խորագրով պատգամ մը հրատարակեց, որ մամուլին ներկայացուեցաւ անցեալ 16 դեկտեմբերին Արդարութեան եւ խաղաղութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Բիթէր Թուրքսոնի կողմէ։
Իր Պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կը թելադրէ որ երիտասարդներուն ապահովուի խաղաղութեան ու արդարութեան իսկական դաստիարակութիւն մը։ Աշխարհի մէջ վերջերս շատ մը երիտասարդներու արտայայտած մտահոգութիւնները կը ներկայացնեն իղձը հիմնական յոյսով դիտելու ապագան, կը գրէ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով արաբական գարունին եւ ''ինտինիատոս'' ներու ալիքին։
Ուշադիր ըլլալ երիտասարդներուն կեանքին, անոնց ընդառաջ երթալը եւ զիրենք արժէքաւորելը ոչ միայն հնարաւորութիւն մըն է, այլ նաեւ՝ ընկերութեան հիմնական պարտականութիւնն է, կերտելու համար խաղաղ եւ արդար ապագայ մը։
Պենետիկտոս ԺԶ կը նշէ նաեւ ընտանիքը որպէս << խաղաղութեան եւ արդարութեան դաստիարակութեան առաջին դպրոցը>>։ Հուսկ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ ի տես սպառնալիքներուն զոր կը դիմագրաւէ ընտանիքը եւ անոր կեանքը։ Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ նաեւ աշխատանքային պայմաններու մասին, որ շատ անգամ չեն համապատասխաներ ընտանիքի պահանջներուն եւ անոր պատասխանատուութեան, պատճառ դառնալով ընտանեկան կացութեան վատթարացումին։ Սրբազան Հայրը, արդ ՝ կը խնդրէ իշխանութիւններէն յարգելու ամէն անհատի արժանապատուութիւնը։ Քաղաքական պատասխանատուներուն կոչ կ՛ուղղէ օգնելու ընտանիքները լաւագոյնս կատարելու համար իրենց դաստիարակչական պարտականութեան իրաւունքը։ Պենետիկտոս ԺԶ կ՛ակնարկէ նաեւ լրատուական միջոցներուն որոնք կարող են հանդիսանալ միջոցը երիտասարդներու դաստիարակութեան։
Իր Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կ՛ուղղէ նաեւ ուղղակի երիտասարդներուն գաղափարականները չեն որ կը փրկեն աշխարհը, կը հաստատէ Սրբազան Հայրը, այլ միայն կենդանի Ատուծոյ դիմելն է>> որ է Սէր։ Եւ ի՞նչ կարող է մեզ փրկել եթէ ոչ սէրը հարց կու տայ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ու կը յորդորէ երիտասարդները <<դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ չյուսահատելու եւ իրենց հացերուն սխալ ու դիւրին լուծումներ գտնելով չխափուելու>>։Դուք միայնակ մի զգաք դուք ձեզ։ Եկեղեցին ձեր վրայ կը վստահի, ձեզի կը հետեւի, ձեզ կը քաջալերէ եւ ձեզի կը նուիրէ ամէնէն թանկարժէք կարելիութիւնը որ ունի որ է դէպի Աստուած բարձրացնել ձեր աչքերը, հանդիպիլ Յիսուս Քրիստոսին, Ան, որ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն՚ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.